Քանի մը թիւ։
Ըստ պաշտօնական վիճակագրութիւններու, աշխարհի տարածքին այսօր կայ աւելի քան 70 միլիոն մարդ արարած, որ կը գտնուի գաղթականի կարգավիճակի մէջ։ Անոնք զանազան տագնապներու, պատերազմներու եւ բռնարարքներու հետեւանքով հարկադրուած են հեռանալ իրենց բնակարանէն, վերաբնակեցուած է իրենց երկրի սահմաններէն ներս կամ արտագաղթած են։ Այս թիւը տասը տարի առաջ շուրջ 42 միլիոն էր…
Բնական եւ անբնական պայմաններու բերումով, 2000-ին, իրենց երկիրները լքած են 173 միլիոն մարդ, ներառեալ՝ կամովին տեղափոխուածները։ 2019-ին, այս թիւը մօտեցած է 270 միլիոնի։ Այսինքն, բռնի կերպով գաղթական դարձածներուն թիւը կը կազմէ ընդհանուրին մօտաւորապէս 25 առ հարիւրը։ Կան նաեւ ոչ-պաշտօնական աւելի՛ ահաւոր թիւեր…
* * *
Առաւելաբար, իրենց բնակավայրերէն բռնի ձեւերով հեռացողներուն տագնապը մերթ ընդ մերթ կ’արծարծուի միջազգային մամուլին կողմէ, նիւթ կը դառնայ միջազգային հանդիպումներու, խորհրդաժողովներու։ Ակներեւ է, որ Թուրքիա կը կանգնի այս տագնապը շահագործողներուն պարագլուխի դիրքին վրայ, կ’աշխատի միլիառաւոր տոլարի «հատուցում» ստանալ եւրոպական երկիրներէ, իսկ երբ սպասած գումարներ լիովին չհասնին՝ կը սպառնայ բռնագաղթի ենթարկուածները ղրկել Եւրոպա։ Նորագոյն ապացոյցը՝ Գերմանիոյ Մերքելին հետ Էրտողանի վերջին հանդիպումն էր։
Միջազգային հանդիպումներու եւ խորհրդաժողովներու առիթով, կը խօսուի գաղթականներուն օգնութիւն հասցնելու հրամայականին մասին։ Բոլոր գաղթականները կարելի չէ արձանագրել նոյն «դասակարգին» մէջ։ Մասնակի դասակարգում մը՝ մեր աչքին առջեւ պիտի պարզէ հետեւեալ պատկերը։ Գաղթականներ՝ լատին ամերիկեան երկիրներէ, ափրիկեան երկիրներէ, Միջին Արեւելքէն, ասիական երկիրներէ։ Իւրաքանչիւր երկրի կամ ցամաքամասի գաղթականական ալիքները ունին տարբեր շարժառիթներ, պատճառները, սակայն բոլորն ալ կը հասցնեն նոյն հասարակ յայտարարին. գաղթականներուն վիճակուած թշուառութիւն, մահ ու անսուաղութիւն, չարաշահում անոնց վիճակին։
Երբեւիցէ լսա՞ծ էք, որ մտահոգ կողմերը՝ երկիրներ, միջազգային կազմակերպութիւններ թէ այլք՝ խօսին այս տագնապին ԲՈՒՆ ՊԱՏՃՌԱՌՆԵՐՈՒՆ, հետեւաբար նաեւ՝ դարմանումի միջոցներուն մասին. թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է վերջ տալ գաղթականական ալիքներու եւ ճամբայ բանալ թշուառութեան մատնուածներու տուն դարձին։ Չի խօսուիր բռնատէրերու եւ ոճրագործ իշխանութեանց գործունէութեան դադրեցման, պատերազմներու հրահումէն հրաժարելու (ուրեմն նաեւ զէնքի շուկաներու սահմանափակման) եւ, մէկ խօսքով՝ մարդոց ողբերգութիւնը շահու աղբիւրի վերածողները դատապարտելու, զսպելու մասին։
Եւ, իսկապէ՛ս, ո՞վ լուսարձակի տակ պիտի բերէ գլխագիր տագնապին իսկական պատճառները, ո՞վ պիտի ձեռնարկէ արմատական դարմանումը։
* * *
…Իսկ մենք, Հայաստանի մէջ, պէտք է ուրախանա՞նք, որ արտագաղթողներու թիւը փոքր նուազում արձանագրած է, սակայն բազմահազարներու արտագաղթը չէ դադրած։
Սարգիս Մահսերէճեան