Սուրիոյ մէջ մէկ տարիէ ի վեր գործող ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան բժշկական խումբը Սուրիոյ մէջ ՀՀ զինուած ուժերու ներկայացուցիչ, գնդապետ Արկատի Տոնոյեանի անունով Պատուոյ Գիրեր յանձնեց բոլոր այն միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն, որոնք գործակցած են մարդասիրական խումբին հետ: Այդ միութիւններն ու հաստատութիւններն են՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, Ազգ. Պատսպարանը, Ազգ. Ծերանոցը, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը, Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութիւնը եւ Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւնը: