Սէրը՝ յաղթական է. ոչ մէկ ոյժ կրնայ սէրը տապալել, ոչ մէկ բան կրնայ սէրը փոխարինել: Փաստ կ’ուզէ՞ք, ահա՛, ոչ մէկ սուրբ կրնայ սիրոյ եւ սիրահարներու սուրբին տեղը բռնել, այսինքն, ոչ մէկ սուրբ կրնայ Սուրբ Սարգիսին հետ մրցիլ:
Ես մինչեւ հիմա դեռ չեմ հասկցած, սա Սուրբ Սարգիսը իսկապէս հա՞յ է, թէ ներածուած սուրբ մըն է, ինչպէս մեր շատ մը սուրբերը՝ Ս. Գէորգ, Ս. Յակոբ, Ս. Սահակ Պարթեւ Սրբուհիներ Հռիփսիմէ եւ Գայիանէ, մինչեւ իսկ Քառասուն մանուկները…
Ինչո՞ւ համար մեր եկեղեցին հիւրընկալեր է այս օտար սուրբերը, չեմ գիտեր: Հայ սուրբեր չկա՞ն, կան անշուշտ, սակայն, ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ, «Օտարին սուրբը զօրաւոր կ’ըլլայ» :
Ո՞ւր են մեր Սուրբերը՝ Վարդան Մամիկոնեանը, Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին… Ասոնց եւ նման հայ սուրբերու անուններով ինչո՞ւ տօնակատարութիւններ չեն ըլլար, ասոնց անուններով եկեղեցիներ ինչո՞ւ չկան: (Սփիւռքի մեր եկեղեցիներուն մեծամասնութիւնը կամ՝ Ս. Աստուածածին է, կամ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ, կամ ալ Ս. Գէորգ:)
Հայաստանի մէջ ամենաշատ յիշատակուողը Ս. Սարգիսն է, որուն անուան հետ կապուած ինչ եկեղեցական եւ հրապարակային տօնակատարութիւններ կ’ըլլան, սակայն ո՛չ Վարդանը, ոչ ալ միւսները միեւնոյն պատուին կ’արժանանան: Ինչո՞ւ:
Յանուն Աստուծոյ եւ Հայրենիքի, պարսկական հսկայ բանակին դէմ կռուի ելլած եւ նահատակուած Վարդանը եւ Վարդանանց տօնը գրեթէ աննկատ կ’անցնին. ո՛չ օրացոյցին վրայ յիշատակութիւն կայ, ո՛չ դպրոցները փակ կը մնան այդ օրը, ոչ ալ ժողովուրդը կարեւորութիւն կու տայ: Ես տարիներ առաջ ակնարկ մը յանձնեցի հայաստանեան թերթի մը, որ վերնագրած էի «Սփիւռքահայ Վարդանը», քանի որ Սփիւռքի մէջ, յատկապէս Լիբանան եւ Սուրիա, ապրիլեան սգատօնէն ետք, ամենակարեւոր նկատուած տօնն է Վարդանանց տօնը:
Ս. Սարգիսը ի՞նչ մեծ գործ ըրած է, որ Վարդանը շուքի մէջ ձգած է: Կրնա՞ք պատկերացնել հսկայ տարբերութիւնը՝ մէկուն սխրանքը՝ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է», ըսելով կրակապաշտ պարսկական հսկայ բանակին լաւ ջարդ մը տալով ու զոհուելով չձգեց որ հայերը հրաժարին Քրիստոնէութենէ եւ Հայաստանն ալ չթողուց որ ոտքի կոխան դառնայ պարսիկին: Վարդանանք յաղթեցին, Նուարսակի դաշնագիրը վկայ: Իսկ Ս. Սարգիսը սիրահարները իրար միացուցեր է կարծեմ, եկուր ալ ըսէ, որ Վարդանէն աւելի մեծ գործ տեսեր է:
Քանի մը օր ետք, 14 Փետրուարին Տեառնընդառաջ է, ըստ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին, սակայն անոր ալ շուքի մէջ ձգողը եղաւ օտար «Վալընթայն»ը: Ժամանակին Հալէպի հայկական թաղերուն մէջ խարոյկներ վառելու մրցումներ տեղի կ’ունենային, իսկ հիմա կարմիր վարդեր, կարմիր սրտիկներ, սրտիկ բռնած արջուկներ, սրտիկազարդ ներքնազգեստներ իրարու նուիրելու վազքի մէջ է ժողովուրդը:
Ժամանակին մեր եկեղեցիները «Մայիս ամիս» չունէին, սակայն երբ տեսան մեր կիներն ու աղջիկները շարան-շարան օտար եկեղեցիներ կ’երթան կապոյտ հագնելու եւ իրենց մէջքին սպիտակ պարան կապելու, ստիպուած հայ եկեղեցին ալ նոյնը սկսաւ ընել, որպէսզի իր զաւակները ուրիշ տեղ չերթան:
Այո՛, օտարին սուրբը զօրաւոր կ’ըլլայ, Մար Ճըրճոսը, Մար Ըմթանիոսը (Սրճագոյն սքեմով) Ս. Ռիթան շատոնց մտած են ժողովրդային խաւերէն ներս: Այս ալ օտարամոլութեան երեւոյթ է, քիչ մը գիտակից վերաբերմունք պէտք է:
Յակոբ Միքայէլեան