«Ազդակ».-ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 14 Փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան պայքարին նուիրուած ձեռնարկ` Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Նարէ Փիլաւճեան բացման խօսքին մէջ պատմական ակնարկով անդրադարձաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարաբանական ծնունդին, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան: Ան հաստատեց. «600 տարուան անարդարութեան, ստրկութեան, բռնատիրութեան դէմ իբրեւ բողոք` ծնունդ առաւ արդարամիտ եւ ազատատենչ կուսակցութիւնը` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, 130 տարիներ առաջ: Այս կուսակցութիւնը իր ուղին հարթեց` գործի դնելով իր հոգին եւ էութիւնը, մեկնակէտ ունենալով ազատ, անկախ Հայաստանի տեսլականը: Մեր հայրենիքի բոլոր յաղթանակներն ու վերելքները կը պարտինք այս լուսածին կուսակցութեան եւ իր հայանուէր ղեկավարներուն, որոնք իրենց «Ես»-ը մէկդի նետած` այս սուրբ կուսակցութեան անձնուէր առաքեալները եղան թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ»: Ապա անդրադառնալով արցախեան գոյապայքարին` ըսաւ, որ սփիւռքի հայրենանուէր զաւակներ Վիգէն Զաքարեան, Մհեր Ջուլհաճեան եւ բազում այլ երիտասարդներ, ձգելով խաղաղ կեանքը, գացին դէպի զոհաբերութեան բագին` ազատելու ամենանուիրականը:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան, որ ներկաներէն խնդրեց հաւաքաբար ողջունել արդարութեան եւ ճշմարտութեան վերջին նուաճումը խորհրդանշող Սուրիոյ խորհրդարանի քաղաքական խիզախ կեցուածքը` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Ան դիտել տուաւ, որ Փետրուար ամիսը համայն հայութեան ազգային արժէքային համակարգի վերականգնման, քաղաքական կամքի վերահաստատման եւ լիցքաւորման կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը կը հանդիսանայ: Բանախօսը շեշտեց, որ Փետրուարին մեր ժողովուրդը կը հաղորդուի Վարդանանց պատերազմի նուիրական պատգամին հետ, կ՛առնչուինք ու կը վերապրինք Կարօ Սասունիի եւ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորած Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի սխրագործութիւններուն եւ, վերջապէս, համաժողովրդական Փետրուարեան ապստամբութեան պատմաքաղաքական նշանակութեան եւ նոր ժամանակներու հայ ժողովուրդի վերածնունդը հանդիսացող արցախեան ազատագրական պայքարը:
Ապա Մ. Գարագաւորեան անդրադարձաւ Փետրուարեան ապստամբութեան, արցախեան գոյամարտի եւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմի պատմական տուեալներուն եւ անոնց իրագործած նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ` մերօրեայ մարտահրաւէրներուն, որոնց դէմ յանդիման կանգնած են Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւնները. «Այսօր ունինք անկախ զոյգ պետութիւններ` Արցախն ու Հայաստանը, պետական համակարգեր, պետական ենթակառուցուածք, տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ բանակները: Սակայն առկայ են նաեւ արատաւոր երեւոյթներ, փտածութեան, կաշառակերութեան, համակարգի արդիականացման եւ բարեփոխման խնդիր, ինչպէս նաեւ` հասարակութեան պառակտուածութիւն, ներքաղաքական անկայունութիւն, Արցախի հարցի կարգաւորում, թրքական գործօնի սպառնալիք, ռազմատենչ Ազրպէյճանի հակահայ եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն եւ այլն»: Բանախօսը անդրադարձաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան, որ տարբեր վտանգաւոր դռներ կրնայ բանալ` դիտել տալով, որ այսօր աւելի կարեւոր հարցերու դիմաց է հայութիւնը. «Նախ, եկէք, ազգովին վերահաստատենք, որ արցախահայութիւնը ինքնորոշուած է, Արցախը կերտած է իր անկախութիւնը, ազատութիւնը եւ իր ինքնուրոյնութիւնը, եւ ոչ ոք այս աշխարհի մէջ, ո՛չ ոք, անոր կրնայ ստիպել կամ պարտադրել որեւէ մէկ պահանջի, որեւէ մէկ զիջումի, նոյնիսկ փոխզիջումային տարբերակին»:
Իր խօսքը եզրափակելով` Մելիք Գարագաւորեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը Արցախի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին մէջ անյետաձգելի եւ անխուսափելի կը գտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութիւնը` իբրեւ հակամարտող համահաւասար կողմ: Արցախի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին հայկական կողմը անվարան պէտք է պահանջէ հիւսիսային Արցախի գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը` Շահումեանի, Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի: Այսպէս, ո՛վ որ ինչ ուզէ ըսէ, կամ ընէ Ղարաբաղը մերն է եւ վե՛րջ»:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական, ազգագրական եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան թենոր Գէորգ Հաճեան` ներկայացնելով զոյգ առիթներուն եւ անոնց ընթացքին ինկած նահատակներուն նուիրուած փունջ մը երգեր` պաստառի վրայ ցուցադրելով երգերուն հետեւողութեամբ քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած նահատակներուն նկարները:
Ձեռնարկի աւարտին քարոզչական յանձնախումբէն Նարէ Հաւաթեան ներկայացուց Արցախի մէջ զոհուած լիբանանահայ ազատամարտիկներու կենսագրականները, ինչպէս նաեւ Պետրոս Ղեւոնդեանի (Պետօ) կենսագրականը` անոր նահատակութեան յիշատակի օրուան առիթով: Ապա ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը յուշանուէրներով պատուեց նահատակ ազատամարտիկներու ընտանեկան պարագաները: