ՍՕ Խաչի Հալէպի Ընկերաբժշկական կեդրոնը, երկրին մէջ պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման աշխատանքներուն իր նպաստը կը բերէ։ Կեդրոնը, իբրեւ առողջապահական կեդրոն, կը շարունակէ մատուցել իր առողջապահական ծառայութիւնը հանրութեան, առաւել եւս, մեկնելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առողջապահական Յանձնախումբին հետ գործակցելու որոշումին վրայ, կեդրոնը բաց պիտի պահուի առաւօտեան ժամը 9։00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 6:00, ներկայութեամբ հերթապահ հայ բժիշկներու եւ կեդրոնի վարչութեան, կարիքի պարագային անմիջապէս մատուցելու պէտք եղած առողջապահական ծառայութիւնները։
Օգտուելու համար ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնի առողջապահական ծառայութիւններէն, կրնաք ամէն օր, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 հեռաձայնել հետեւեալ համարին՝
021 – 4644947

#Տունը_Մնացէք։ Մենք պիտի ծառայենք ձեզի։