Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց պսակաձեւ ժահրով 16 վարակուողներէն երկուքին բուժուած ըլլալը։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կ՚ըլլայ 12, իսկ մահացողներունը՝ 2։
Յիշենք, որ բուժուած պարագաները պսակաձեւ ժահրով վարակուած էին նախորդ 22 Մարտ 2020-ին, եւ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայան ժամանած էին օտար երկիրներէ։ Անոնք քննութեան ենթարկուելէ ետք անմիջապէս փոխադրուած էին Օդակայանի մեկուսացման կեդրոն եւ բուժուած։