Սենեակս ցուրտ էր:

Գլխաբարձս քարացած էր:

Աչքերս բացի. ամէն կողմ մութ էր:

Զարմանալի, առաջին անգամ ելեկտրական հոսանքը կ’անջատուի գիշերով: Կ՛երեւի կայանի վերանորոգման աշխատանքներ կան: Ոչինչ, բնական բան է: Կը յիշեմ, որ առօրեայ աշխատանքները պետութեան կողմէ կասեցուած են, երկիրը համաճարակի զոհ դարձած է, ինչպէս այսպիսի աշխատանք կը ձեռնարկեն գիշերով:

Կը փորձեմ յիշել՝ օր, ամսաթիւ, բայց ափսո՜ս: Խիստ սեւը իր ծալքերուն մէջ կը խեղդէ յիշողութիւնս, սրտիս մոլեգին զարկերը կը զգամ, անհասկնալի չորութեամբ  մը կոկորդս կ’այրի, աչքերս խոշոր կը բանամ՝ գէթ ուրուական մը գծագրուի անոնց առջեւ եւ կարենամ դուրս գալ սենեակէս:

Անկողինիս կողքի սեղանիկին վրայ դրուած բաժակս կը գտնեմ, գէթ կաթիլ մը ջուրով թռչեմ շրթունքս, որ կ’այրի եւ բարբառով մը կը դողայ:

Ափսոս բաժակը ամբոջութեամբ դատարկ էր, բայց ես վստահ եմ, որ այս գիշեր չեմ խմած ոչ մէկ ումպ անկէ եւ այս տան մէջ երկու տարիներէ ի վեր մինակ եմ… կինս եւ դուստրս հարիւրաւոր քիլոմեթրեր հեռու են ինձմէ: Հեռաձայն կը փնտռեմ՝ սենեակս լուսաւորելու համար: Չկայ:

Երազներուն չեմ հաւատար: Եթէ այս ամէնը մղձաւանջ մըն է, հիմա կը փարատի: Բայց ես արթուն եմ, անկողինիս մէջ մութին նստած, կը փորձեմ յիշել ուղղութիւնները:

Կ’որոշեմ դուրս գալ ննջարանէն:

Նստասենեակի պատուհանէն ներս կը զգամ լուսնի աղօտ լոյսի ներս թափանցումը: Կ’ուղղուիմ դէպի պատուհան, ուրկէ կը տեսնեմ ամբողջ քաղաքը մութին մէջ թաղուած:

Համաճարակի պատճառով բոլորիս հրահանգուած է տունը մնալ եւ ամբողջ գիշերը սպասել մինչեւ լուսաբաց եւ … Յիշողութեանս թելը կը փրթի ու կ’իյնամ բազկաթոռին վրայ անճրկած:

Երբեմն կ’ապրիս այնպիսի պահեր, երբ կ’ուզես ինքնայայտնաբերել անձդ, հոգիիդ ծալքերը լուսաւորել, տեսնել թէ անոնց մէջ ինչեր կան մոռցուած, ժամանակի փոշիին տակ թաղուած եւ ահա հիմա ճիշդ ժամանակն է…բայց, գէթ՝ յիշէի օրը, ամսաթիւը:

-Պա՜պ, ինչո՞ւ մութ է, ինչո՞ւ լոյս չկայ,- յանկարծ կը լսեմ աղջկաս ձայնը, որ ուրուագծուելով աչքիս առջեւ՝ ահ ու սարսափի կը մատնէ զիս:

-Աղջիկս, դո՛ւն ես, եկո՛ւր, եկո՛ւր, մօտեցիր հոգիս,- դողացող ձայնով կը կանչեմ,-դո՛ւն ե՞րբ եկար, ե՞րբ վերադարձար:

-Պա՜պ, կատա՞կ կ’ընես, ես միշտ հոս եմ, քովդ եմ, ես ու մաման, տես մաման ալ հոս է , ներսն է անկողնին մէջ:

Եւ ինչ զարմանք, կնոջս ձայնը կը լսեմ ներսէն:

-Ինչո՞ւ մութ է Կա՜ր, ի՞նչ պատահեր է:

-Մտահոգուելու բան չկայ,- կը պատասխանեմ խառնաշփոթի մատնուած:

-Եկո՛ւր աղջիկս, երթանք մամային քով, մամային մինակ չձգենք:

Կ’ուղղուինք ննջասենեակ եւ կը տեսնեմ կնոջս գեղաշնորհ դէմքը՝ տարտամ ստուերի մը պէս, որուն վրայ զոյգ մը փայլուն աչքերով կը նայէր ինծի:

Մայր ու աղջիկ գրկախառն կը մտնեն տաքուկ վերմակին տակ ու հազիւ պիտի տեղաւորուէի, որ ըմբոշխնէի իրենց տաքութիւնը,-Պա՜պ, ծարաւ եմ, բաժակ մը ջուր կը բերե՞ս,- կը խնդրէ աղջիկս:

-Ես ալ կ’ուզեմ, շատ ծարաւ եմ,- նոյն խնդրանքը կ’երկրորդէ կինս:

Խարխափելով կը հասնիմ խոհանոց, կը լեցնեմ երեք բաժակներ ու նոյն պահուն կը լսեմ աղջկաս տաքուկ ձայնը:

-Պա՜պ, ծարաւ եմ, շո՛ւտ ըրէ:

Երկու բաժակները վերցնելով, կը վերադառնամ ննջասենեակ: Սողոսկող սարսուռ մը կ’անցնի մարմինէս:

Անկողնիս մէջ ոչ ոք կար:

Կոկորդիս այրոցը աւելի կը սաստկանայ, կը վարանիմ, կիսափակ ու նուաղած աչքերով կը չարչրկեմ յիշողութիւնս, գէթ յիշէի օրը, ամսաթիւը:

Ու կը յանձնուիմ անկողնիս սառնութեան, կը յիշեմ տարիներ առաջ,  արգանդի մը տենդաբորբ ջերմութեամբ կը յորդէր՝ լոյսերու սպիտակ ցոլքերու մէջ պաճուճելով հոգիս ու մարմինս: Ու յիշողութեանս թելը նորէն կը կտրի:

Եթէ ժամանակը չափեր ունի, ո՞ւր եմ ես այդ չափերուն մէջ, եթէ վերիվայրումներ ունի ան, ո՞ր զառիվայրին կը գտնուիմ այս պահուն:

Ծարաւը տակաւ կ’այրէ կոկորդս, կ’որոշեմ երկու բաժակներէն մէկով յագենալ: Դատարկ են, ո՞վ խմեց, ե՞րբ խմեց, ինչո՞ւ խմեց:

Զարհուրելի մթութիւնը տակաւ կը ճնշէ:

Կը մտածեմ մեղքի մասին, ժահրի մասին, վերջերս տարածուած վարակի մասին, մարդոց մասին, անմեղ ու ալեհեր, մանաւանդ ծերերուն մասին, որոնք այս քանի մը շաբաթներու ընթացքին հլու հնազանդ հեռացան լոյսէն, դէպի սեւաթոյր գերեզմանները: Արդեօ՞ք ծարաւ էին ինչ որ բանի: Ի՞նչ որ չափով յորձեռանդ կեանքով մը չէին լեցուցած իրենց բաժակները եւ հիմա այս նոյնանման, նոյնատիպ, նոյնաթոյր օրերուն, միթէ՞ ծարաւ կը մեկնին հոսկէ, հոս՝ ուր ժամանակի չափերուն մէջ չեն տեղաւորուիր մեր երազանքները:

Ջերմաբոյր շոյանք մը կը զգամ գլխուս վրայ ու յոգնած մատներու մանրաքայլ արշաւ մը կ’անցնի խճճուած մազերուս մէջէն, կը թողամ, կը սարսռին մարմնիս անկիւնները:

-Տղա՛ս, ի ՞նչ ունիս, ի՞նչ կ’ուզես, եթէ հանգիստ չես՝ թէյ մը պատրաստեմ, տաք-տաք կը խմես, կը հանգստանաս,- կը լսեմ մօրս լուսաւոր ձայնը, որ հետզհետէ թափ կը հաւաքէ մատներուն աշխոյժ հպումներուն հետ:

Իսկոյն կը շրջիմ, զննելով մութին բացած տետրակին վրայ՝ կը հեգեմ վանկ առ վանկ, գիծ առ գիծ մօրս օրհնաբեր դէմքը:

-Չէ մայրս, հանգիստ եմ, թէյ չեմ ուզեր, բայց, բայց ծարաւ եմ, շատ ծարաւ եմ, կոկորդս կ’այրի:

-Հիմա բաժակ մը ջուր կը բերեմ, իսկ ինչո՞ւ մութ է սենեակդ, հոսանքը անջատուա՞ծ է: Լաւ երթամ, մոմ մը վարեմ քեզի համար ու բերեմ,- կ’ըսէ ու ներս կ’երթայ:

-Մամ, ի՞նչ եղաւ, գտա՞ր մոմը:

Ձայն չկայ, սեւ լռութիւն է…

Դեռ մութ գիշեր է:

Կոկորդս կ’այրի տակաւին, իսկ նուաղած աչքերս, լոյսին ծարաւ կը խարխափեն սենեակիս մէջ: Ու չեմ յիշեր սենեակիս չափերը, գէթ յիշէի օրը եւ ամսաթիւը: Հիմա կը փորձեմ այս մթութեան մէջ չափել ժամանակն ու տարածութիւնը, կ’ուզեմ հասնիլ նստասենեակի լուսամուտին, ուրկէ լուսնի աղօտ լոյսը ներս կը թափանցէր: Կ’երթամ, կ’երթամ, կ’երթամ անհաս եւ չեմ գտներ լուսամուտը սենեակին: Կը հասկնամ, որ սխալ ուղղութեամբ քալած եմ, գէթ կողմնացոյց մը ունենայի ձեռքիս մէջ: Բայց երբ տարածութեան ու ժամանակին չափերը չես գիտեր, կողմնացոյցով ինչ ընես:

Ու կը քալեմ խարխափելով ու հեղձուցիչ մթնոլորտը աւելի կը թանձրանայ:

Քիչ մը հեռուն կը տեսնեմ աղօտ լոյս մը, յոյսի կերպարանքով գծագրուած: Կը մօտենամ, մոմակալ տեղադրող ձեռք մը կը տեսնեմ, աւելի կը մօտենամ, շրջագիծերը գոյն կը ստանան ու սենեակը լոյս կը շնչէ:

Մոմակալին քով բաժակ մը կը փայլի՝ սեւ ծարաւ մը յագեցնող: Կը բարձրացնեմ՝ ամբողջութեամբ լեցուն է: Մոմին կը նայիմ, որ բաժակին ժպիտով մը կը պարուրէ:

Մոմին ու բաժակին, լոյսին ու ջուրին յաղթանակը կ’ըմբոշխնեմ ու նոյն պահուն բջջային հեռախօսս կը զրնգայ: Նամակ մըն էր փրկարար, բարեմաղթանքերով ու ծաղիկներու շքեղ նկարնով զարդարուած՝ շնորհաւորանք մը:

Իսկոյն կը յիշեմ օրը, ամսաթիւը:

Կարօ Արսլանեան