ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆԽԱՓԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻՆՔ ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ
20-րդ դարու առաջին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցն է։ Ցեղասպանութիւն մը, որ ծրագրուեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ, որուն նպատակն էր ոչնչացնել հայ ազգը, ի շահ փանթուրքիզմի գաղափարաբանութեան։ Ցեղասպանին ժառանգորդ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակէ ուրացման իր քաղաքականութիւնը։
Հայ ազգի արդար իրաւունքն է ապրիլ իր ամբողջական հայրենիքին մէջ, ծաղկեցնել զայն ու անոր միջոցաւ իր դրական ներդրումը ունենալ մարդկութեան պատմութեան մէջ։ Ահա այս պատճառով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նախաձեռնեց Հայ Դատի արդար լուծումը պահանջող ցուցական զանազան գործունէութիւններու, ունեցաւ Հայ Դատի յատուկ գրասենեակներ, որոնց միջոցով կարելի եղաւ Հայ Դատը հասցնել միջազգային ատեաններ։Այդ գրասենեակներու աննահանջ աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ Հայ Դատի ճանաչումն ու դատապարտումը զանազան երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ։ Վերջին նուաճումը եղաւ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան խորհրդարանի ճանաչումն ու դատապարտումը։ Տարեթիւիս 13 Փետրուարին, Խորհրդարանը ճանչցաւ, դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց բոլոր երկիրներու խորհրդարաններուն իրենց կարգին ճանչնալ եւ դատապարտել զայն։
Այս առնչութեամբ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սուրիոյ նախագահին, խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան այս գործընթացին մէջ։ Գործընթաց մը, որ կը թելադրէր երկար տարիներու աշխատանք։ Այս ճանաչումները ինքնանպատակ չեն, այլ արդարութիւն պահանջող կեցուածքներ են, որոնք կը հարթեն ուղին մեր գերագոյն նպատակին, որուն համաձայն Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ներողութիւն խնդրէ հայ ազգէն, ապա արդար հատուցում կատարէ, բռնագրաւուած հողերը վերադարձնէ իր տիրոջ՝ վերացնելով ցեղասպանութեան հետեւանքները։
Այս տարի Սեւրի Դաշնագիրին ստորագրութեան 100-ամեակն է։ Այս դաշնագիրը Հայ Դատի արդար լուծման հիմք կը ծառայէ, իսկ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռը անժամանցելի է մեզի համար։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հռչակագիրը Հայ Դատին շուրջ միասնակամութեամբ համախմբուելու լաւագոյն արտայայտիչն էր, Արցախեան պայքարն ու Արցախի Անկախ Հանրապետութիւնը կարեւորագոյն փուլերէն մէկը կը կազմեն Հայ Դատի արդար լուծման։ Հայ Դատի աշխատանքներու շարունակութիւնն ու անխափան ընթացքը կը վստահինք մեր քաղաքականացած երիտասարդութեան, որ հաւատք ունի իր սեփական ուժին եւ աննկուն կամքով կը շարունակէ Հայ Դատի պայքարը։
 Մենք ոչ միայն կը յիշենք այլեւ կը պահանջենք։
Յակոբ Քիլէճեան
Հայ Երիտասարդաց Միութեան Ատենապետ
ՍԵՐՈՒՆԴԷ ՍԵՐՈՒՆԴ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆՑԵՆՔ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԷԱՆ ՋԱՀԸ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, այս անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առիթով, կ’ոգեկոչե՛նք սրբադասուած մեր նահատակներուն յիշատակը:
Թէեւ այս տարի չկայ Տէր Զօր, Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւն, չկան ժողովրդային հաւաքներ ու հանդիսութիւններ, բայց մեր յիշողութեան մէջ արմատացած պիտի մնայ ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու անթառամ յիշատակը:
Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Հայ ժողովուրդի զաւակները, ապա նաեւ անոնց շառաւիղները, անցան բազում դժուարութիւններէ: Սուրիահայութիւնը վերջին տարիներուն կրկին ապրեցաւ պատերազմի արհաւիրքը, իսկ այժմ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին վտանգը կը դիմագրաւէ ու Հայոց Ցեղասպանութէան 105-րդ տարելիցը կը յիշատակէ սահմանափակ ձեռնարկներով:
Սուրիոյ ժողովուրդը սիրայօժար ընդունած ու ապաստան տուած էր ցեղասպանութենէն փրկուած հայորդիներուն, ականատեսն ու վկան եղած էր այդ մեծ ոճիրին, իսկ 13 Փետրուար 2020-ին, զինք ներկայացնող  Սուրիոյ խորհրդարանը պատմական որոշումով մը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Մենք երախտապարտ ենք արաբ ժողովուրդին, Սուրիոյ խորհրդարանին եւ Սուրիական Արաբական Հանրապետութէան նախագահ տոքթ. Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատին հայ ժողովուրդին զօրակցելու եւ արդարութեան ձայնը բարձրացնելու իր այս յանդուգն քայլերուն համար:
Որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները, 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը անմեռ պիտի մնայ մեր մէջ, եւ զայն պիտի փոխանցենք եկող սերունդներուն, պիտի յիշենք միշտ ու պահանջատէր ըլլանք մեր արդար իրաւունքներուն:
Բիւր յարգանք Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն, ուժ եւ կորով հայ ժողովուրդի քաջարի զաւակներուն՝ շարունակելու մեր արդար պահանջատիրութիւնը:
Կարապետ Շուշանեան
Թէքէան Մշակութային Միութեան
Վերին Մարմնի Վարչութեան Ատենապետ
ՄԻՇՏ ՊԻՏԻ ՅԻՇԵՆՔ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ
Ապրիլ 24-ի նախօրէին, որպէս ժառանգորդ մը այն սերունդներուն, որոնք ապրեցան Ցեղասպանութիւնը, կամ իմացան անոր մասին իրենց հարազատներէն, ապաւինելով մեր մեծերուն յուշերուն եւ համաշխարհային արխիւային ծաւալուն հատորներուն, կը մտաբերեմ 105 տարի առաջ կատարուած անասելի ոճիրը՝ ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին:
Այսօր, երբ մենք զմեզ զօրաշարժի կ’ենթարկենք, կը թարմացնենք մեր յուշերը եւ ծրագիրները ու կ’ապրինք ներկան, կը հաստատենք, որ Ցեղասպանութեան մղիչ ազդակը կը համարուէր թրքական ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը: Սելճուքեան-օսմանեան-թրքական ցեղերը այս տարածաշրջանի վրայ 500 տարիներէ ի վեր ամէնուրեք մահ կը սփռէին նմանը չունեցող վայրագութեամբ: Ուր որ եղան անոնք աւերեցին եւ սպանեցին, չխնայելով  որեւէ մշակոյթ:
Փանթուրքիզմի հետեւորդները կարծեցին, որ արիւնարբու իրենց արարքներով վերջ պիտի տան  հայ ժողովուրդին, զայն կոտորելով, վտարելով իր հողերէն: Բայց ան վերստին ծիլ դրաւ, աճեցաւ, բազմացաւ եւ ունեցաւ անկախ հայրենիք: Շնորհիւ Սուրիոյ  արաբ ժողովուրդին, ան այսօր կը գոյատեւէ կառուցելով իր տունն ու դպրոցը, եկեղեցին եւ մշակոյթի կեդրոնները:
Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան խորհրդարանը վերջերս ընդունեց որոշում, որով կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սա մեծ հարուած մըն էր Թուրքիոյ եւ կարեւոր քայլ մը՝ արդարութեան հետամուտ հայ ժողովուրդին: Որոշումը ունի յատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ Սուրիան Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու բեկորներուն առաջին հանգրուանն էր:
Այս առումով մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք երկրին նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին, Սուրիոյ խորհրդարանին եւ մեր հայրենակից արաբ ժողովուրդին:
Թէեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն անցած է դար մը, սակայն մեր պարտքն է  միշտ յիշել եւ պահանջել: Մեր նահատակները կախաղաններէն երդուեցին ու մեզի կտակեցին իրենց պայքարի ոգին երբ ցեղասպանին ըսին. «Դուք մեր մարմինները միայն կրնաք կախել, բայց մեր գաղափարը՝ երբեք», «Հոն ուր կախաղաններն են ճօճում՝ ազատութիւնն է ման գալիս»: Մենք պիտի փոխանցենք պայքարի դրօշը մեր յաջորդներուն, մինչեւ տիրանանք մեր իրաւունքներուն եւ վերադառնանք մեր հողերը: Այդ կրնայ տեւել ժամանակ մը, զոր չենք կրնար սահմանել միջազգային հակազդեցութիւններու խայտաբղէտ պայմաններուն առկայութեամբ, բայց հետեւողականօրէն պիտի քալենք այդ ուղիով:
Միշտ պիտի յիշենք եւ պահանջենք:
Աւետիս Խոշաֆեան 
Կիլիկեան Շրջանակի Խնամակալութեան Ատենապետ