«Էրմէնիհապեր».-Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. յայտնած է, որ Սիսի կաթողիկոսարանը վերադարձնելու համար Անթիլիաս դիմում ներկայացուցած է Թուրքիոյ առաջին ատեանի դատարանին:

Արամ Ա.«Շանթ» պատկերասփիւռի կայանէն Սագօ Արեանի հարցումներուն պատասխանելով տուեալ նիւթը լուսարձակի տակ առած է: Արամ Ա. ներկայացուցած է Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձման իրաւական գործընթացին նախապատմութիւնը` յիշելով, որ Անթիլիասի բացած դատը իրաւական դաշտէն ներս հայոց պահանջատիրութեան առաջին քայլն էր:

Ըստ անոր` քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական ասպարէզներէն ներս հայկական կողմը հսկայական աշխտանքներ կատարած է, իսկ միջազգային իրաւական դաշտէն ներս որեւէ քայլ չէր առնուած: Վեհափառը ընդգծած է, որ դատական հայցին նախորդած էին շուրջ 3 տարուան հսկայական աշխատանանքերը, որոնց մէջ ընդգրկուած էին դիւանագէտներ, ցեղասպանագէտներ, իրաւագէտներ:

Այդ աշխատանքներուն հետեւանքով պատրաստուած 100 էջէն աւելի բաղկացած թղթածրարը ներկայացուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան:

«Սակայն ինչպէս սպասելի էր մեզի համար, ՍԴ-ն առանց հարցը ըստ էութեան քննելու աւելի քան 20 էջէն բաղկացած նամակ ուղղեց մեզ` նշելով, որ ՍԴ-ն նման դիմում չի կրնար ընդունիլ եւ քննել», ըսած է Արամ Ա.` շեշտելով, որ ըստ փաստաբաններուն եւ իրաւագէտներուն` Թուրքիոյ ՍԴ-ի այս մօտեցումը ընդհանրապէս չի համապտասխաներ ոչ միջազգային, ոչ ալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ՍԴ-ի օրէնքներուն եւ ձեւաչափերուն:

Հետագային հարցը բողոքարկուած է Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան, բայց որովհետեւ Թուրքիոյ ՍԴ-ն դիմումը ըստ էութեան չէր քննած եւ որոշում չէր հաստատած , ՄԻԵԴ-ը մերժած է դիմումը:

«Այժմ մենք մեր թղթածրարը, որոշ չափով վերատեսութեան ենթարկելէ ետք ներկայացուցած ենք նախադատ ատեան: 21 Ապրիլին  նիստ նշանակուած էր, բայց ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ, ինչպէս բոլոր երկիրներուն մէջ, այնպէս ալ Թուրքիոյ մէջ դատարանները փակ են», ըսած է կաթողիկոսը` յայտնելով, որ դատը պէտք է քննուի Սեպտեմբերին: Արամ Առաջին ընդգծած է, որ այս դատը միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռի կամ եկեղեցւոյ դատը չէ, այլ հայ ազգի, Հայաստանի եւ Արցախը դատն է:

Պատասխանելով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան առնչուող հարցին` կաթողիկոսը յայտնած է, որ Թուրքիան միշտ հետեւած է հայկական կողմի աշխատանքներուն եւ տարիներու ընթացքին հակահայ եւ ժխտողական քաղաքականութիւնը աւելի կազմակերպուած եւ արդիւնաւէտ  դարձուցած է` գործի դնելով ամբողջ պետական մեքանիզմը: Թուրքիոյ այս գործունէութեան հակադարձելու հայկական բանաձեւը, ըստ վեհափառին, պէտք է ըլլայ  2 ուղղութեամբ: Անոր խօսքերով` Հայաստանը որպէս պետութիւն իր ճանապարհով, իսկ Սփիւռքը իր ուղիներով պէտք է հետապնդեն Հայ Դատը` մէկ կողմէն հակազդելով թրքական քարոզչութեան, միւս կողմէն, իրաւական ու քաղաքական հիմքերով Հայ Դատը միշտ արդիական դարձնելով, ներակայացնեն միջազգային հանրութեան: