«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» (ԺՀԿ-HDP) կուսակցութեան պատգամաւոր Մերալ Դանըշ Պեշթաշ յայտարարած է, որ Թուրքիան կը ջանայ երկրի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու իրական թիւը պահել:

Անոր խօսքով` այդ ցուցանիշը չբացայայտելու նպատակով Թուրքիոյ մէջ պարզապէս աւելի քիչ  համապատասխան քննութիւններ կը կատարուին հնարաւոր  վարակակիրներուն նկատմամբ:

Պեշթաշի պնդումով` Թուրքիան այս ձեւով կը  փորձէ ցոյց չտալ աւելի վատ ցուցանիշներ, քան այլ երկիրներու մէջ գրանցուող պատկերը: Սակայն, ըստ անոր նմանատիպ ծանր վիճակի մէջ յայտնուած երկիրներէն մեկնելով՝ Թուրքիան կրնայ մրցակցիլ անգամ ԱՄՆ-ի հետ:

Ընդդիմադիր պատգամաւորը համոզմումը յայտնած է, որ այդ իրավիճակը կարելի է նկատել` պարզապէս համեմատելով հրապարակուող պաշտօնական տուեալները: