«Ազդակ».-Հայկական երեսփոխանական պլոքը 29 Ապրիլին գումարեց ժողով մը` գլխաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ մասնակցութեամբ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի:

Ժողովականները առաջին հերթին քննարկեցին պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով ստեղծուած կացութիւնը, անոր ազդեցութիւնը լիբանանցիներուն վրայ եւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին այս գծով պետութեան առած քայլերուն, անոնք նաեւ անդրադարձան այս ուղղութեամբ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին կատարած աշխատանքներուն:
Պլոքի անդամները արծարծեցին նաեւ երկրի ընկերային, տնտեսական եւ ապրուստի ծանր պայմաններուն, լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման, սղաճին եւ անգործութեան վերաբերող հարցեր, որոնք իրենց ծանր անդրադարձը կ՛ունենան լիբանանցիին վրայ: Այս առիթով պլոքը կոչ ուղղեց պետութեան` փտածութեան դէմ պայքարի եւ պետութենէն կողոպտուած գումարներու վերադարձի անհրաժեշտ օրինագիծեր մշակելու եւ գործնական քայլերու դիմելու: Պլոքը նաեւ շեշտեց կառավարութեան տնտեսական, բարեկարգչական ծրագիրի անյապաղ որդեգրման կարեւորութիւնը` ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան առաջքը առնելու համար:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր հասկացողութիւնը յայտնեց ժողովրդային բողոքի շարժումին նկատմամբ, որ կը պահանջէ քաղաքացիներու արժանապատիւ կեանքի ապահովման, տարրական իրաւունքներու յարգում: Պլոքը միաժամանակ զգուշացուց` ժողովրդային շարժումի ճամբով երկրին ապահովական կացութիւնը խախտելու փորձերէն եւ կոչ ուղղեց` յարգելու պսակաձեւ ժահրէն պաշտպանուելու համար ընկերային հեռաւորութեան եւ նախազգուշական այլ նախաձեռնութիւններու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը:
Երեսփոխանական պլոքը դրուատեց համաճարակի դիմագրաւման համար միութիւններու եւ ազգային կառոյցներու ի գործ դրած ճիգերը, որոնք արտակարգ դրութեան այս օրերուն կը ջանան օժանդակել ընկերային անապահով ընտանիքներու:
Վերջապէս, Հայկական երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր կողմերուն` ցուցաբերելու պատասխանատուութեան առաւելագոյն գիտակցութիւն եւ ընթացք չտալու քաղաքական սուր բանավէճերու եւ հակադրութիւններու, նաեւ ժողովուրդին առօրեայ ապրուստին կապուած հարցերը չշահագործելու իրենց անձնական ճղճիմ շահերուն համար: