«Արմէնփրէս».- Նախագահ Արմէն Սարգսեան 11 Մայիսին հիւրընկալած է խումբ մը ազատամարտիկներ: Արցախեան պատերազմի մասնակիցներ Լեռնիկ Մաթեւոսեան, Յակոբ Աղաջանեան եւ Հրաչ Աբրահամեան Հանրապետութեան նախագահին հետ  հանդիպած են եւ կարճատեւ զրոյց ունեցած են օրեր առաջ` Եռաբլուր պանթէոնին մէջ` Շուշիի ազատագրման օրը, երբ նախագահ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցած էր հայրենիքի համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հերոսներու յիշատակին:

11 Մայիսին տեղի ունեցած հանդիպումին ազատամարտիկները նախագահին  ներկայացուցած են իրենց անցած ճանապարհը, անդրադարձած են ներկայ հարցերուն: Անոնք միեւնոյն ժամանակ կարեւոր համարած  են ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը ինչպէս ազատամարտիկներուն, այնպէս ալ` ընդհանրապէս պատերազմի վեթերաններուն հանդէպ:

Նախագահ Սարգսեան հետաքրքրուած է ազատամարտիկներու առողջական եւ ընկերային վիճակով: Ան բարձր  գնահատած է արցախեան ազատամարտին մասնակցած բոլոր կամաւորներուն ու զինուորականներուն ներդրումը: Շնորհակալութիւն յայտնելով ազատամարտիկներուն` նախագահ Սարգսեան յատկապէս ըսած է, որ կամաւորականի, զինուորականի հանդէպ վերաբերմունքը բոլոր առումներով` նիւթականէն մինչեւ բարոյական, պէտք է առանձնայատուկ ըլլայ:

Ազատամարտիկները շեշտած են, որ, անկախ հարցերէն, իրենց կը շարունակեն հայրենիքի զինուորը համարել եւ անհրաժեշտութեան պարագային որեւէ պահ պատրաստ են մասնակից դառնալ անոր անվտանգութիւնը պաշտպանելուն: