Հեղինակ՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան
Կը ներկայացնէ տիկին Լալա Միսկարեան-Մինասեան
Հայոց բազմաբեղուն հոգեւոր գրականութիւնը կը հարստանայ նոր մատեանով մը, որ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի «Աւետախօս Քարոզագիրք»ն է։ Տպագրուած է 2019-ին, Լիբանան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հրատարակչական Գրասենեակի կողմէն։
  Առաջին ակնարկով կը տեսնենք գիրքին իւրայատուկ ու առինքնող խորագիրը, որ մեր միտքը կը տանի դէպի Քրիստոսի լուսաւոր խօսքը, ինչ որ կը հաստատէ յաջորդ բառը՝ «քարոզագիրք»։ Եւ ահա ձեռքդ կ’առնես փառաւոր ու խնամուած հատոր մը՝ ընտիր թուղթով ու բծախնդիր տպագրութեամբ։ Իւրայատուկ է մանաւանդ գիրքին ձեւաւորումը, զոր, ներշնչուած հայոց մանրանկարչութեան գանձարանէն, իրագործած է Վերապատուելիին աներձագը՝ ֆրանսաբնակ գեղանկարիչ Տիպար Աբարդեան։
Գիրքի ծածկոյթին, կամ ինչպէս ընդունուած է ըսել՝ կողքի առաջին էջին Հալէպի հինաւուրց բերդն է, անոր հովանիին տակ՝ Բեթէլ եկեղեցին, ուր երեսուն տարիներ Աստուծոյ ու մարդոց իր բոլորանուէր ծառայութիւնը բերած է Վերապատուելի Սելիմեանը։ Ետեւի էջը կը հարստացնէ մանրանկարչական գլխազարդ մը, որուն տակ կը գտնենք Վերապատուելիին ուղերձը եւ հրատարակչութեան ամփոփ խօսքը։
Անուանաթերթի ետեւի էջէն մեզի կը ժպտի բազմանշանակ խորհրդանիշ նռնենին, որ միշտ իր տեղը ունի հայերէն ձեռագիր մատեաններու մէջ, իսկ Հայ Եկեղեցին նուռին առնչուող յատուկ խորհուրդ ունի։ Ամանորի գիշերը Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ նուռի օրհնութիւն կը կատարուի։ Արարողութիւնը կը մեկնաբանուի, որ նուռը կը խորհրդանշէ քրիստոնեայ աշխարհը, անոր կեղեւը՝ օրէնքը լուսաբանող մարգարէներն են, քաղցր հատիկները՝ եղբայրական սիրով քրիստոնեաներն են, նաեւ՝ Աւետարանին խօսքը, որ փրկութեան ճամբայ է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար։ Այս գիրքը Աւետարանի քաղցր խօսքը բերողն է ու «Աւետախօս» անունը հոս միանգամայն տեղին է ։
Առաջին էջին գիրքի հովանաւոր՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերութեան Գործադիր Տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեանին «Երկու Խօսք»ն է։ Ան իբրեւ բնաբան ունի՝ «Վասնզի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ. Տիմոթէոս 1.7)։ Տիար Խանճեանը ակներեւաբար նկատի ունի Վերապատուելիին անձն ու գործը։
Իր կուռ խօսքին մէջ Տիար Խանճեան լիովին արժանին կը հատուցէ Վերապատուելիի երեսուն տարիներու հոգեւոր ծառայութեան ու մասնաւորաբար՝ Սուրիոյ աշխարհակործան պատերազմի տարիներուն անոր տարած բացառիկ քրտնաջան աշխատանքին՝ ի պաշտպանութիւն եւ ի բարօրութիւն իր հօտին ու նաեւ հայ համայնքին։ Իր խօսքով՝ նման նուիրում մը «Կրնար յենիլ եւ խարսխուիլ միայն ու միայն Աստուածային շնորհքի մը պարգեւը հանդիսացող անսասան հաւատքի մը վրայ»։ 
Այնուհետեւ, իր խօսքին մէջ դնելով նաեւ Հալէպին հանդէպ իր տաք համակրանքը, ան կը շարունակէ. «Անցած ըլլալով տագնապի ամենադառն փորձառութեան տիղմէն, ցմրուր խմած ըլլալով իր եւ իր հօտի հաւաքական կեանքի տառապագին օրերու մղձաւանջը, գաղութի քոյր առաջնորդներու հետ ձեռք ձեռքի՝ Վերապատուելին պահպանած է առողջը, բուժած հիւանդն ու վիրաւորը, պատշաճօրէն թաղած նահատակը, յոյս ներշնչած ահաբեկուածին, վեր բարձրացուցած ինկածը եւ պատերազմի արհաւիրքի խաւարին մէջ իսկ լոյս սփռած՝ մտքին, յոյս՝ մարմնին, եւ փրկութեան խոստումը՝ հոգիին»։
Յաջորդիւ՝ իր «Ներածական»ին մէջ, Վերապատուելին շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր հովուական ծառայութեան երեսունամեակին առթիւ լոյս ընծայուած գիրքի ծնունդին իրենց նպաստը բերողներուն, ապա կը գրէ. «Սոյն քարոզագիրքը առիթ մըն է հայ համայնքի զաւակներուն՝ բարոյագիտական սահմանումներով լուսաբանուելու եւ քրիստոնէական հաւատքը ամրապնդելով՝ կեանքի ուղին ճշդելու»։ 
188 էջեր ընդգրկող այս գիրքին վերջաւորութեան կը գտնենք Վերապատուելիին կենսագրութեան եւ գործունէութեան մասին տուեալներ՝ հայերէն ու ամփոփ՝ անգլերէն լեզուներով։ Հոն կ’անդրադառնանք ճշմարտութեան մը, որ ժողովուրդի մը, համայնքի մը կեանքին մէջ յաճախ վճռորոշ կը դառնայ անհատի մը դերը։ Որքան ալ որ Վերապատուելիին գործունէութեան ծանօթ ըլլալ կարծենք, սակայն կենսագրական այս սեղմ տողերու ընթերցումով հիացում ու զարմանք կ’ունենանք հանդէպ այն բոլորանուէր աշխատասիրութեան, անսպառ եռանդին ու կազմակերպչական անժխտելի ձիրքին, զորս Վերապատուելին ի սպաս կը դնէ սուրիական հայրենակիցներուն, իր ազգին ու համայնքին կենսամակարդակի բարելաւումին ու հոգեբարոյական աճին ի խնդիր։
«Աւետախօս Քարոզագիրք»ը կը բովանդակէ հինգ բաժիններ, խորագրեալ՝ Հաւատքի դրսեւորում, Հաւատքի կեանքի նորոգութիւն, Հաւատքի աճում, Հաւատքի կատարելութիւն եւ Հաւատքի զօրութիւն։ Ինչպէս վերնագիրները կը յուշեն՝ նիւթի հերթական դասաւորումը պատահականօրէն չէ ընտրուած, այլ իւրաքանչիւր հատուածին տակ տարբեր ու բազմակողմանի կը դիտուի կրօնաբարոյական իմաստով մարդուն աճը՝ իր հաւատքի ճամբուն մէջ։ Եւ որպէսզի այդ ճամբան չըլլայ խարխափումներով ու սայթաքումներով լի, Հովիւը իր խոր գիտելիքներով ու հայրաբար համոզիչ խօսքով իր խնամքին յանձնուած հաւատացեալները քայլ առ քայլ կ’ուղղորդէ դէպի Քրիստոսի կենարար լոյսը։
Բառարան կը բանամ եւ կ’ուզեմ ճշդել քարոզ բառին սահմանումը։ Ըսուած է՝ «Քրիստոնէական հաւատքի ուսուցման եւ տարածման միջոց, կրօնադաւանական, բարոյախրատական պատուիրաններու հրապարակային ուսուցում, խրատ»։ Ուրեմն՝ քարոզը իր էութեան մէջ կենդանի խօսք է, մարդոց համախմբումի մը ուղղուած, անոնց հոգիին ու մտքին ներգործելու միտուած, ուր որոշեալ պատգամը տեղ հասցնելու յաջողութիւնը գերազանցապէս կախուած է քարոզիչին անձնական կարողութենէն ու ապրումին անկեղծութենէն։ Իզուր չէ ըսուած, թէ զգացուածը, հոգիէն եկածն է որ կը փոխանցուի ուրիշներու միտքերուն ու հոգիներուն։  Արդ՝ որքան որ ուսանելի ու հաճելի է Վերապատուելիին Սուրբգրային բերանացի մեկնաբանութիւնները կամ բանախօսութիւնները ունկնդրելը, նոյնքան եւ՝ անոր գրաւոր խօսքին ընթերցումը։ Ան բացառիկ կարողութիւնը ունի կրօնական իմաստով հոգեւոր նիւթ մը մատուցանելու ոգեղինացած, առաւել հարստացած փիլիսոփայական, արուեստի եւ այլ բնագաւառներէ քաղուած միտքերով, պատկեր- օրինակներով։ Անոր քարոզը Քրիստոսի օրերու նիւթերը կը մատուցանէ 21-րդ դարու մարդու ընկալումներուն ու մտային մակարդակին համապատասխան, օգնելով անոր իր քայլերը առնելու մեր կեանքի բարդ, հակասական ու տատասկոտ ճանապարհներուն վրայ։
Հոգեւոր գրականութեան ընթերցում շատեր չէ որ կ’ընեն, շատերու ալ ան կրնայ նաեւ ձանձրալի թուիլ։ Այս քարոզագիրքին ընթերցումէն կը համոզուիս, թէ քրիստոնէական ուսմունքը եւ բարոյականը Վերապատուելիի խօսքին ընդմէջէն ունակ է կրթել մարդս ոչ միայն իբրեւ սոսկական քրիստոնեայ, այլ յատկապէս նաեւ իբրեւ մարդկութեան, ընկերութեան, ազգին մէկ անդամ՝ իր բարոյական կեցուածքով ու պարտականութիւններով։ Եւ արդեօ՞ք հնարաւոր է ըլլալ ոչ առաքինի մարդ ու լաւ քրիստոնեայ։
Այսպէս՝ բանանք 91-րդ էջը, ուր կը գտնենք խօսք, գաղափար, որմով դարերու ընթացին կազմաւորուած են քրիստոնէական բարոյախօսութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը։ Վերապատուելին կը թելադրէ. «Իսկական հաւատացեալը չի կրնար իր բարոյական չափանիշներուն առնչութեամբ թեթեւօրէն մտածել, եթէ նոյնիսկ անկումներու հեղեղներով պաշարուած ըլլայ։ Ան երբեք արտօնելու չէ, որ աղտոտած, աղաւաղուած, արատաւորուած եւ նսեմացած խեղկատակութիւնները իր ամէնօրեայ բառամթերքին եւ քրիստոնէավայել կեանքին մաս կազմեն»։
Այս հատորին մէջ կը հանդիպինք միտքերու, զորս խորհիլ կու տան Աստուծոյ ու մարդոց հետ մեր անմիջական յարաբերութիւններուն շուրջ։ Նոյն ատեն առիթ կ’ընծայեն խորանալու, քննելու Աստուծոյ պատկերին ու պատկերացումին համապատասխան արարուած մարդուն վերապահուած դերը Աստուծոյ արարչագործութեան՝ Տիեզերքին մէջ։ Եթէ Արարիչը մարդը բացառաբար օժտած է միւս արարծներէն առաւել կարողութեամբ մը՝ բանականութեամբ, ապա անոր վրայ հաւասար համեմատութեամբ դրուած է Երկրագունդի ու բոլոր արարածներու հանդէպ մեծ պատասխանատուութիւն եւս։ Վերապատուելին այս գաղափարը կ’ընդգծէ էջ 59-ին մէջ, ուր կը կարդանք. «…..իւրաքանչիւր շաբթուան մէջ աշխարհի բնակչութեան թիւը մէկ միլիոնով կ’աճի։ Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ յիսուն տարիներ ետք ինչ պիտի պատահի։ Եկէ՛ք, մենք Երկրագունդի ընդհանուր վիճակով չմտահոգուինք, որովհետեւ Աստուած Իր ձեռքերուն մէջ բռնած է երկինքն ու երկիրը։ Այս թուանշանները մեզի պէտք է սրտի ու հոգիի բեռնաւորմա՛մբ լեցնեն։ Մենք պէտք է բեռնաւորուած զգանք այս տիեզերքով եւ մեր շրջապատով՝ սկսած Հալէպէն։»
Այս գաղափարին, անկասկած, սերտօրէն կ’առնչուի քրիստոնէութեան մարդակերտիչ մէկ այլ միտք՝ մեզմէ, մեր էութենէն այլոց ու աշխարհին բան մը տալու կարեւորութիւնը, զոր Վերապատուելին կ’արտայայտէ սապէս. «Խնդիրը կը վերաբերի ընդհանրապէս տալու մասին, այսինքն՝ մեր ժամանակէն, մեր կամեցողութենէն, երիտասարդական կարողութենէն, մարդկային հոգեւոր հարստութենէն ու գիտութենէն, այսինքն՝ իբրեւ մարդ, քու ամբողջական էութեանդ մէջ ի՞նչ բան ունիս, որ կրնաս տրամադրել Աստուծոյ՝ մարդուն բարօրութեան համար։ Մեզմէ շատերուն դժուարութիւնը այն է, որ կեանքի դրամատունէն կ’ուզեն առնել՝ հոն առանց բան մը դնելու»։  Ապա կը յաջորդէ ոսկեայ միտք մը՝ «Մենք մեր ստացածով մեր ապրուստը կը շինենք, սակայն մեր տուածով կեանքեր կը կերտենք» (էջ106-7)։
Նոյնիսկ եթէ պահ մը նշուած խօսքերէն զանց առնենք քրիստոնէական բնոյթը, մի՞թէ խորապէս համամարդկային ու դաստիարակիչ չեն այն ճշմարտութիւնները, զորս կը գտնենք բոլոր կրօններու մէջ, բոլոր փիլիսոփաներու եւ մեծ բանաստեղծներու քով, եւ զորս մեզի կը հրամցնէ Վերապատուելին՝ մեր հոգիները մշակելու մտադրութեամբ։ Ահա Քրիստոսի խօսքէն քաղուած ճշմարտութիւն մը եւս. «Ինչ բարի եւ լաւ է այն մարդուն համար, որ իր կեանքը իր ընկերոջ համար կը դնէ»(էջ 31)։ Որքան որ պարզ ըսուած, նոյնքան ալ հոգեբանական խոր ծալքեր պարունակող այս գաղափարը կը շեշտէ ոչ թէ լաւութիւնը, զոր կ’ունենայ բարեկամի մը զոհողութիւնը ընկալողը, այլ զոհաբերութիւն ընողի՛ն հոգւոյն մէջ ծնող լոյսը։
Թոյլ տուէք այս առթիւ զուգորդութեամբ յիշել մեծ մարդասէր Թումանեանին մէկ քառեակը.
Քանի ձեռքից եմ վառուել,
Վառուել ու հուր եմ դառել,
Հուր եմ դառել՝ լոյս տուել,
Լոյս տալով եմ սպառուել։
Այնուհետեւ կը կարդանք ժուժկալութեան ու զգաստութեան հրաւիրող թելադրանք մը, զոր Հովիւը կու տայ բոլոր չափանիշները կորսնցուցած մեր ժամանակներու մէջ կեանք մտնող երիտասարդին. «Աստուած….իր խօսքին միջոցով կը կրթէ, կը յորդորէ, կը սորվեցնէ եւ կը դաստիարակէ մարդը։ Ուրեմն այդ (կեանքի) պայքարին մէջ եթէ մարմինդ իր ցանկութիւններուն մէջ ազատ ձգես՝ մեղքին հետ պիտի գործակցիս, սակայն եթէ զանիկա իշխանութեանդ տակ առնես եւ քու կեանքիդ համար Աստուծոյ կամքը խնդրես, այն ատեն պիտի իմանաս կեանքի փորձութիւններուն վրայ յաղթահարելու միջոցը»(Էջ 179-80)։
Յաջորդ յղումը եւս յաւերժական ճշմարտութիւն մըն է, որ միանգամայն անհրաժեշտ էր փոխանցել պատերազմող Սուրիոյ բնակչութեան ու տակաւին այսօր առաւել արդիական կը հնչէ ամբողջ երկրագունդի տագնապահար մարդկութեան համար՝ «Փոթորիկը ժխտական փորձառութիւն պիտի չըլլայ մեզի համար։ Մենք այդ փոթորիկի ընթացքին մեր խաղաղութիւնը պիտի պահենք, որպէսզի փոթորիկէն ետք եկած դրական եւ օրհնեալ արդիւնքը տեսնենք» (էջ 69)։
Թերեւս սոյն հատորին ներկայացումն ու գնահատումը առաւել մասնագիտօրէն ու անթերի կատարէր հոգեւորական մը, իսկ ես զայն դիտեցի առաւելաբար քրիստոնէական արժէքներ դաւանող աշխարհիկ մարդու տեսանկիւնէն։ Այդ դիտանկիւնէն ալ կ’եզրակացնեմ, որ Վերապատուելիին քարոզագիրքը ուսուցողական ու թելադրական ըլլալով հանդերձ, որ իր առաքելութիւնն է, Աստուածաշնչեան խօսքի թաքնուած ծալքերը մեկնաբանելու հմտութեամբ սովորական հաւատացեալը առինքնելու, հետաքրքրելու կարողութիւնը ունի։ Ան իր ունկընդիրը կամ ընթերցողը կը կապէ շնորհիւ իր խոր գիտելիքներուն, ճարտասանական բացառիկ ձիրքին, անկեղծ շունչին, առօրեայ մեր խնդիրներուն անմիջականօրէն անդրադառնալու եւ զանոնք դիմագրաւելու ուղիներ առաջարկելով, միանգամայն հարուստ լեզուով ու մշակուած ոճով։
 Քսանմէկերորդ դարուն, որքան որ մարդը ինքզինք զարգացած ու յառաջդիմած կարծէ, այնուամենայնիւ, երբ կեանքը կը բերէ մեր կարելիութիւններէն վեր աղէտներ ու ցաւեր, առաւել ծանր ու խրթին առաջադրանքներ կը դնէ մեր առջեւ, հաստատուն մնալու համար միշտ կարիքը պիտի զգանք Վերին Ուժին, Աստուածային Սիրոյն, մխիթարող ու կենարար Խօսքին։ Այդ Խօսքը սիրով փոխանցողն է այս մատեանը։ Քրիստոնէական բարոյականութիւն քարոզելով մէկտեղ, ան հրաւէր է ինքնակատարելագործումի, զմեզ շրջապատող աշխարհին հանդէպ ուշադրութեան, պատասխանատուութեան եւ Սիրոյ, որ Աստուածային մեծագոյն պարգեւն է մեզի։ Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին եւ կը մաղթենք առաւել կորով ու յաջողութիւններ։