Սուրիական տեղական աղբիւրներ «Շաամ Էֆ. Էմ.» ռատիոկայանին յայտնած են, որ սուրիական հողեր բռնագրաւած թրքական ուժեր Աֆրինի մէջ իրենց ենթակայ զինեալներուն համար արձանագրութեան կեդրոններ հաստատած են, որպէսզի վեց ամսուան պայմանագրութեամբ, ամսական 2500 ամ. տոլարի փոխարէն զիրենք Ատրպէյճան ղրկեն, կռուելու Ատրպէյճանի բանակին կողքին, Հայաստանի բանակին դէմ։
Սա ցոյց կուտայ, որ Ատրպէյճան անել կացութեան մատնուած է եւ իր իսկ սկսած բախումներուն հետեւանքով հայկական բանակին դիմաց պարտութիւն կրելով վարձկան կռուողներ կ՚որոնէ։