Երեքշաբթի, 28 Յուլիս 2020-ին, «Շամ Թայմզ» յայտնեց, որ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան համաձայն, պսակաձեւ ժահրը համաշխարհային գետնի վրայ ամենավտանգաւոր արտակարգ պարագան է: Կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Դիոտորոս Կեփերսոս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է, որ Համաշխարհային Առողջապահւթեան Կազմակերպութեան ներկայացուած զեկոյցներուն համաձայն մինչ օրս պսակաեւ ժահրով վարակուած 16 միլիոն պարագայ կայ եւ աւելի քան 640.000 մահացած: Ան շեշտած է, որ ժահրը շատ արագ սկսած է տարածուիլ եւ վերջին 6 շաբաթներուն ընթացքին վարակուածներուն թիւը կրկնապատկուած է: Ան հաստատած է, որ առանց նախազգուշական քայլերու հետեւելու կարելի չէ յաղթահարել համաճարակը։ Անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ առողջապահական դնչակապերը գործածել եւ հեռու մնալ խճողուած վայրերէ:
Ան յայտնեց, որ նախազգուշական պայմանները գործադրող պետութիւններուն մէջ վարակուածներուն թիւը կը նուազի, եւ հոս բարձր գնահատեց Քանատայի, Գերմանիոյ, Չինաստանի եւ հարաւային Քուրիայի կառավարութիւններուն որդեգրած միջոցները, որոնց շնորհիւ վարակուածներուն թիւը նուազեցաւ: