«Ամերիկայի Ձայն».-Նիւ Եորքի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն բողոքի ցոյցը խաղաղ ընթացք ունեցած է:
Հայկական համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կատարած են ՄԱԿ-ի Ատրպէյճանի ներկայացուցչութեան մօտ: Հաւաքուածներուն կարգախօսը եղած է «Մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք»:
Մասնակիցները յայտնած են, որ հայերը պատերազմ չեն փափաքիր, հիմնական պահանջն է` արդարութիւն եւ խաղաղութիւն: Անոնք անընդունելի համարած են երկու երկիրներու միջեւ հաւասարութեան նշան դնելը:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին` Տաւուշի հատուածին, իրավիճակի սրումով աշխարհի տարբեր երկիրներու հայ համայնքի ներկայացուցիչները միասնութեան ցոյցեր կը կատարեն ոչ միայն իրենց աջակցութիւնը յայտնելու Հայաստանին ու Արցախին, այլեւ բողոքի ձայն բարձրացնելու Ատրպէյճանի սադրանքներուն, ապակառուցողական գործողութիւններուն առնչութեամբ: Հայերը ցոյցեր կատարած են Մատրիտի, Լոս Անճըլըսի, Սթրասպուրկի, Հոլլանտայի, Պրահայիմի եւ այլ տեղերու մէջ: