Հինգշաբթի, 30 Յուլիս 2020-ին, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը հրատարակեց 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի «պաքալորիա» պետական քննութիւններու արդիւնքները: Սուրիոյ Կրթութեան Նախարար Իմատ Ազպ այս առիթով մամլոյ ասուլիս մը տուաւ յայտնելով, որ գիտական բաժինի յաջողութեան տոկոսն է 71,78 %, իսկ գրական բաժինինը՝ 60,21 %: Ազպ աւելցուց, որ գիտական բաժինէն 6 աշակերտներ լրիւ գումարը հաւաքած են 2900/2900, երկու աշակերտներ 2899/2900, իսկ 4 աշակերտներ 2898/2900: