Չորեքշաբթի, 29 Յուլիս, 2020-ին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Հասան Թուհամիի հաւատարմագիրները, որպէս Ալճերիոյ Ժողովրդավարական Հանրապետութեան դեսպան, ինչպէս նաեւ Խոթապա Պակարդ Ռաշովիճինը՝ որպէս Աբխազիոյ Հանրապետութեան դեսպան: Նախագահ Ասատ ընդունեց դեսպանները եւ իրենց ստանձնած նոր պաշտօնին համար յաջողութիւն մաղթեց: Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմ եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Մանսուր Ազզամ: