Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ քանի մը ժամ առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումին հետեւանքով զոհերուն թիւը հասաւ 70-ի, իսկ վիրաւորներունը աւելի քան 3000-ի։
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ պայթումին հետեւանքով անհետ կորածներ ալ կան։