7 Օգոստոսին «Փաստարկ» մամուլի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ` Իւետա Տօնոյեանի, Արծուիկ Մինասեանի եւ Արսէն Բաբայեանի մամուլի ասուլիսը: Ասուլիսի նիւթն էր` իրաւապահ մարմիներու գործելաոճը:
Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները անդրադարձան ՀՀ բարձրաստիճան շարք պաշտօնատար մը անձերու կողմէն առերեւոյթ յանցագործութիւններու մասին հաղորդման հիմքով քրէական գործի յարուցումը մերժելու Յատուկ Քննչական Ծառայութեան (Յետայսու՝ ՅՔԾ) որոշումին եւ անոր մասին կուսակցութիւններու կողմէն բերուած բողոքին:
ՅՔԾ պատասխանատու անձը անաչառ, բազմակողմ եւ ամբողջական վերլուծութիւն չէ կատարած, չէ ուսումնասիրած ներկայացուած փաստարկները եւ հասած է եզրակացութեան մը, որով փաստած է, որ քրէական յանցագործութիւն թոյլ չէ տրուած. յայտարարեց ՀՅԴ ԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան` անդրադառնալով ՀՅԴ, ԲՀԿ, «Հայրենիք» կուսակցութիւններուն` քրէական գործ յարուցելու մերժումին:
Մինասեան դիտել տուաւ, թէ երեք ուժերով որոշած են Գլխաւոր դատախազութիւն բողոք ներկայացնել` քրէական գործին յարուցումը մերժելու առնչութեամբ:
«Ըստ էութեան, աւագ քննիչը իր եզրակացութեամբ հաստատած է, որ Ազգային ժողովին կողմէն սահմանադրական փոփոխութիւններուն ընդունումը` առանց Սահմանական Դատարանի եզրակացութեան, օրինական է, որ ոչ միայն դուրս կը մնայ քննիչի լիազօրութիւններէն, այլեւ ակնյայտօրէն կը հակասէ թէ՛ Սահմանադրութեան, թէ՛ Վենետիկի յանձնաժողովի պաշտօնական տեսակէտին»,ըսաւ Մինասեան:
Ան յայտնեց, թէ իրենց բողոքի հիմքը դրուած է, որ կուսակցութիւնները հաղորդումին մէջ մատնանշած էին շարք մը փաստեր, որոնցմով ցոյց կու տային, թէ ինչպէս բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու շրջանակը իր յանցաւոր մտադրութիւնը՝ Սահմանական Դատարանի լիազօրութիւններու զաւթել փորձել իրականացնել:
Անոր փոխարէն, ըստ Մինասեանին, աւագ քննիչը վերցուցած է բոլոր փաստարկումներէն 1-2 դրուագ, անոնցմով յղում տուած է անբացատրելի գործողութեան, եւ համարած է, որ այդ փաստարկը չի կրնար պատճառ հանդիսանալ քրէական գործ յարուցելու համար:
Ան անգամ մը եւս վերահաստատեց իր տեսակէտը, թէ թոյլ տրուած է սահմանադրական կարգի տապալումը: «Եւ իշխանութեան իւրացման, եւ՛ սահմանադրական կարգի տապալումին, եւ՛ պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելու հիմքերը, մեր կարծիքով, ամբողջութեամբ բաւարար էին, որ իրաւասու մարմինը, տուեալ պարագային` ՅՔԾ-ն յարուցեր քրէական գործ: Մեր կարծիքով` ՅՔԾ իրաւասու անձը ոչ միայն դուրս մնացած է իր լիազօրութիւններէն, այլեւ ակնյայտօրէն խեղաթիւրելով իրավիճակը` ներկայացուցած է պատկեր մը, իբրեւ թէ ամէն ինչ օրինական գործընթացով կատարուած է, եւ անձեր թոյլ չեն տուած քրէօրէն պատժելի արարքներ: Մենք սա կը համարենք մերժելի մօտեցում, անոր համար գրած ենք բողոք` ակնկալելով, որ Գլխաւոր դատախազութիւնը պիտի վերացնէ քննիչի այս որոշումը եւ պիտի յարուցէ քրէական գործ, եւ պիտի հետեւի, որ իրականացուի պատշաճ նախաքննութիւն»,յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան: