«Երկիր».-31 Օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է «The HALO Trust» միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութեան տարածաշրջանային տնօրէն Նիք Սմարթը, ծրագիրի ղեկավարի պաշտօնի իր առաքելութիւնը աւարտած Ռոպերթ Սայֆրեթն ու Արցախի ծրագիրին նորանշանակ ղեկավար Մայլզ Հոթորնը:
«The HALO Trust» միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութեան տարածաշրջանային տնօրէն Նիք Սմարթ ԱԳ նախարարին ներկայացուցած է Արցախի մէջ կազմակերպութեան մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներու ընթացքին եւ ապագայ ծրագիրներուն առնչուող մանրամասնութիւններ:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են «The HALO Trust»-ի եւ Արցախի համապատասխան պետական կառոյցներու միջեւ հաստատուած գործակցութեան մակարդակին առնչութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն