1 Սեպտեմբերին համացանցի վրայ հասանելի է ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի իններորդ համարը: Ընթերցողը կը նկատէ, որ պաշտօնաթերթի սեպտեմբերեան թիւի առանցքով երկու կարեւորագոյն իրադարձութիւններ կան` Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան տարեդարձները: Հայկական երկու պետութիւններու անկախացման իրողութեան, անցնող ճանապարհին եւ առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ է «Դրօշակ»ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանին հետ: Անկախութեան ժամանակահատուածով դրսեւորուած եւ այսօր մտահոգութեան տեղիք տուող ազգային կարեւորագոյն հիմնահարցերին կ’անդրադառնայ նաեւ պաշտօնաթերթը առաջնորդողը:
Արցախեան նիւթով այսպիսով չի սպառիր. պատմաբան Արմէն Ասրեանի «Ղարաբաղի Խնդիրը 1918-1920 թթ: Անգլիոյ Դիրքորոշումը եւ Մեր Դասերը» ուսումնասիրութիւնը անդրադարձ է մեր պատմութեան ծանր, տրամաթիկ եւ իրադարձութիւններով յագեցած այն ժամանակահատուածին, երբ, հակառակ արցախահայութեան հերոսական ճիգերուն, գերտէրութիւններու հովանաւորութեամբ Արցախին պարտադրուեցաւ ատրպէյճանական գերութիւնը:
«Դրօշակ»ի ուշադրութենէն չէ վրիպած անցնող Օգոստոսին Լիբանանին պատուհասած ծանր աղէտի նիւթը: Տեղի ունեցածը քաղաքական ակնոցով կը քննէ «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիյեան:
«Դրօշակ»ը անդրադարձած է հայութեան մարմինի մէկ այլ հատուածին եւս` սուրիահայութեան կամ, աւելի ստոյգ, Քեսապին ու քեսապահայութեան առօրեային, որ իր վրայ տակաւին կը կրէ երէկուան ապրած ծանր փորձութեան կնիքը:
Այսքանով չ’աւարտիր նոր լոյս տեսած պաշտօնաթերթի հրապարակումներու ցանկը, ընթեցողը անոր մէջ պիտի գտնէ հետաքրքրութեան արժանի շարք մը այլ յօդուածներ: