ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը 16 Սեպտեմբերին, «Յանուն Ազգային եւ Յառաջադէմ Կրթութեան» խորագիրը կրող երթ  կատարեց:

Երթը սկսաւ Մատենադարանի յարակից տարածքէն եւ անցնելով Մաշտոցի պողոտայով, Ամիրեան փողոցով  աւարտին հասաւ ԿԳՄՍ Նախարարութեան շէնքին դիմաց:

Երթի մասնակիցները` ԿԳՄՍ ոլորտներուն մէջ տիրող քաոսի, բարեփոխումներու անուան տակ վարուող ապազգային քաղաքականութեան համար պահանջեցին Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը:

«Սա սկզբունքներու պայքար է, սա ապագայի եւ անցեալի պայքար է եւ մենք բնականաբար պէտք է հասցնենք տրամաբանական աւարտին», յայտարարեց ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան՝ երթի մեկնարկէն առաջ:

Ան յայտնեց, որ շատ կարեւոր է, որ պարզապէս հանրութիւնը բարձրացնէ իր ձայնը:

Լրագրողները հարց տուին, թէ ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական Վարչութեան անդամը ինչ կարծիք ունի ԿԳՄՍ նախարարի այն յայտարարութեան մասին, թէ` ՀՅԴ-ի արկղերը քրէական գործերով լեցնելը ընդամէնը ժամերու հարց է եւ կ’ընէ, եթէ չլռեն:

«Արայիկ Յարութիւնեանի հերթական յայտարարութեան սնանկութիւնը կը վկայէ, որ ան չարաշահումները նախապէս չաւարտած քրէական գործերը կը վերագրէ ընդամէնը մէկ պաշտօնեայի: Մենք հիմա անոր կրնանք մեղադրել փտածութեամբ, որովհետեւ ինքը նոյնանման գործ կը կատարէ: Բայց մէկ այլ կէտ կայ շատ աւելի կարեւոր, որ նախարարը քրէական գործերու մասին կը խօսի, երբ բողոքի ալիք  կը բարձրանայ: Սա օրէնքի խախտում է», ըսաւ Քրիստինէ Վարդանեան:

Ան յայտնեց, որ իրենք բազմիցս յայտարարած են, թէ որեւէ ձեւով կաշկանդուած չեն, ՀՀ-ի օրէնք խախտած բոլոր անձինք պէտք է պատասխան տան, բայց չեն կրնար հասկնալ որ սա ի՞նչ կապ ունի իրենց շարժումին հետ:

«Եթէ նախարարի կը կարծէ, որ այդպիսի անբովանդակ, ծիծաղ յառաջացնող յայտարարութիւններով մեզի կրնայ կաշկանդել,  ըստ երեւոյթի մինչեւ հիմա պէտք էր հասկնար, որ կարելի չէ», ըսաւ Քրիստինէ Վարդանեան:

«Որեւէ հանրային կամ հասարակական հնչեղութիւն ունեցող հարցի մասին, որեւէ ուղղութեամբ վարուող պետական քաղաքականութեան մասին կարծիք յայտնելէ եւ  բարձրաձայնելէ առաջ նախ պէտք է հասկնալ ովքե՞ր ենք մենք», յայտարարեց ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Արգիշտի Գէորգեան Մատենադարանի հարթակին վրայ:

Ան դիտել տուաւ, որ մենք հայեր ենք, Հայաստանի բնակիչներ ենք, մարդիկ, որոնք Հայաստան ընտրած են որպէս գործունէութեան եւ կեանքի միջավայր եւ Հայաստանով  պայմանաւորուած է իրենց ներկան ու ապագան:

Արգիշտի Գէորգեանի համոզումով` բոլոր հիմնական եւ կարեւորագոյն փոփոխութիւնները պէտք է սկիզբ առնէին մեր կրթական համակարգէն, որովհետեւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի բնագաւառի մէջ մենք, արդէն այսօր, պէտք է նշմարէինք մեր լուսաւոր ապագայի յստակ պատկերը:

«Սակայն ի՞նչ ունինք մենք անոր փոխարէն մեր կրթութեան գիտութեան, մարմնակրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ: Մենք չունինք այս ոլորտներու պետական ռազմավարութիւն: Ունինք քաոս եւ կառավարման ճգնաժամ ոլորտներու մէջ: Չունինք որեւէ համակարգային բարեփոխման յոյս անգամ: Ունինք բան մը ընել չկրցող , փոխարէնը` անգրագէտ, հակագիտական, անպատասխանատու յայտարարութիւններ ընող, ազգայինն ու յառաջադիմականը հակադրող Արայիկ Յարութիւնեան», ըսաւ ան:

Ան յայտնեց, որ երկու տարուան ընթացքին նոյն կարմիր թելը մենք կը տեսնենք ԿԳՄՍ ոլորտներէն ներս վարուող քաղաքականութեան մէջ` որեւէ կերպ հայագիտութեան զարգացման չնպաստելը, աւելին` ամէն յարմար առիթին այս ոլորտին հարուածելը, հայագիտութիւնը եւ յառաջադիմութիւնը կեղծ հակադրութեան մէջ դնելը, հայկական ժառանգութեան պահպանման ուղղուած քայլերու բացակայութիւնը, անոր գոհարները աշխարհին եւ նոր սերունդին ներկայացնելու կամքի բացակայութիւնը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերի նուազեցման ուղղուած հետեւողական քաղաքականութիւնը, հայոց պատմութեան վերախմբագրման փորձերը վարուող ապազգային եւ հայկական շահերուն սպառնալիք հանդիսացող քաղաքականութեան լաւագոյն վկայութիւնն են:

«Փաստացիօրէն այժմ նախարարի պաշտօն կը վարէ մէկը, որ ոչ միայն անկարող է լուծել որեւէ հարց, այլեւ անընդհատ կը ստեղծէ նոր ճգնաժամեր, որ չունի տեսլական, որուն կողմէն իրականացուած քաղաքականութիւնը կը հակասեն հայկական պետութիւններու շահերուն», յայտնեց ան:

Արգիշտի Գէորգեան ըսաւ, որ 2 տարուան հետեւանքով մենք ունինք ապազգային եւ ապաշնորհ, ոչ թափանցիկ գործունէութեամբ  պաշտօնեայ, որու կողմէն համակարգուած նախարարութիւնը իր ենթակայութեան տակ գտնուող ոլորտներուն մէջ քաոս ստեղծելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն հարկերէն ստացած է 1 մլն տոլարի պարգեւավճար:

Արայիկ Յարութիւնեանին պաշտպանելը վերածուած է նեղ խումբի մտածելակերպի արտացոլման, որ պէտք է մերժուի եւ դատապարտուի` արձանագրեց Արգիշտի Գէորգեան:

ԿԳՄՍ նախարարի հրաժարականի պահանջով` ՀՅԴ երիտասարդները երթով անցան դէպի ԿԳՄՍ Նախարարութեան շէնք: Երթի մասնակիցները հանրապետութեան հրապարակին վրայ կարճ դադար ունեցան ՀՀ կառավարութեան շէնքին մօտ եւ իրենց պահանջները ներկայացուցին կառավարութեան:

Ողջ Հայաստանի տարածքով դժուար է գտնել մարդ, որ որեւէ ձեւով կը սատարէ Արայիկ Յարութիւնեանին․ անգամ անոր քաղաքական խումբի եւ նախարարութեան աշխատակիցները պարտադրանքէն դրդուած միայն արդարացումներ կրնան գտնել ստեղծուած իրավիճակին համար` յայտարարեց ՀՅԴ ՀԵՄ կեդրոնական վարչութեան նախագահ Արգիշտի Գէորգեան երթի աւարտին` ԿԳՄՍ նախարարութեան շէնքին առջեւ:

Արգիշտի Գեւորգեանն ընդգծեց, որ իշխող ուժը պէտք է կամք ունենա` խոստովանելու այս ոլորտներում իր ձախողումները եւ օր առաջ հեռացնելու Արայիկ Յարութիւնեանին զբաղեցրած պաշտօնից:

ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական Վարչութեան նախագահին խօսքով` եթէ ՀՀ կառավարութիւնը չունենայ անհրաժեշտ վճռականութիւնը եւ կամքը, ուրեմն այս հարցը կը լուծեն ՀՀ քաղաքացիները:

«Ուստի մենք նաեւ կը դիմենք ԿԳՄՍ ոլորտներուն մէջ տիրող իրավիճակով մտահոգ, վարուող քաղաքականութիւնը ապաշնորհ եւ ապազգային որակող բոլոր ուժերուն եւ անհատներուն` կոչ ուղղելով միանալու եւ միասին մերժելու Արայիկի ընթացքը», ըսաւ Արգիշտի Գէորգեան:

Ան ըսաւ, որ սա յանուն ապագայի պայքար է, այս պայքարը որեւէ ուժի մենաշնորհը չէ, այս հարթակը բաց է բոլորին համար` որուն նպատակները ազնիւ են եւ  միակ շահը Հայաստանի Հանրապետութեան բարօրութիւնն է:

Արգիշտի Գէորգեանի խօսքով` այսօրուան երթը եւս մէկ վկայութիւնն է, որ Հայաստանի մէջ չեն  հանդուրժուիր հայ մարդուն անհասկնալի, ոչ թափանցիկ, անընդունելի նպատակներ հետապնդող քաղաքականութիւնը` որ ան կը վարէ:

Արգիշտի Գէորգեան ընդգծեց․ «Եթէ ՀՀ կառավարութիւնը չկարենայ իր քաղաքացիները պաշտպանել այդ վտանգներէն, ուրեմն անոր փոխարէն մենք կ’ընենք, որովհետեւ երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»:

Այնուհետեւ ցոյցի մասնակիցները երգեցին Սարդարապատի հերոսամարտին նուիրուած երգը: