Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնը պատերազմի տարիներուն քարուքանդ դարձաւ զինեալ ահաբեկիչներու մշտական հրթիռակոծումներուն հետեւանքով։

ՍՕԽ-ը, սակայն, չյուսահատեցաւ, շարունակեց իր բարեսիրական եւ բժշկական ծառայութիւնը, իր աշխատանքի կեդրոնն ու առողջապահութեան կեդրոնը, խոհանոցն ու աշխատանոցը տեղափոխելով ժամանակաւոր վայրեր։ Այսպէս շարունակուեցաւ իր գործունէութիւնը 7 տարի։

Նոր Գիւղ շրջանին մէջ գտնուող ընկերաբժշկական կեդրոնը նորոգուեցաւ, կահաւորուեցաւ եւ արդէն վերսկսաւ ծառայել Հալէպի, յատկապէս Նոր գիւղի, հայ թէ արաբ բնակչութեան։
Հայ բժիշկները ամէն օր ներկայ են հոն ու օրական հարիւրի հասնող, տարբեր հիւանդութիւններ ունեցող կամ արեան քննութիւններ խնդրող, վատառողջ մարդոց կը ծառայեն։
Շէնքը վերագտած է իր երբեմնի աշխուժութիւնը։ Շուտով պիտի կատարուի շէնքին պաշտօնական բացումը։

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը իր առողջապահական արդիական կեդրոնով, աշխատանոցով, «Փեթակ» խոհանոցով, վաճառատուներով եւ Մանկամսուրով կը հետապնդէ քանի մը նպատակ.
Ա) Ծառայել ժողովուրդին
Բ) Աշխատանքի առիթ ստեղծել հայ կնոջ
Գ) Քաջալերել հայ կինը աշխատանքի իր ասպարէզին մէջ
Դ) Հայկական ուստեստներն ու յատկապէս ասեղնագործութիւնը ծանօթացնել ժողովուրդին եւ յատկապէս, դասընթացքներով, երիտասարդուհիներուն։

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնին վերաշխուժացումը պիտի նպաստէ նաեւ շրջանի վերաշխուժացման։