Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբերին, լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան եւ հրապարակագիր Սարգիս Գասարճեան այցելեց «Գանձասար»ի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ խմբագրակազմին եւ թերթի կարգ մը աշխատակիցներուն հետ:

Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան մամուլի մարտահրաւէրներուն, արհեստագիտութեան եւ ընթերցողներու տեսակներուն ու իւրաքանչիւր տեսակի մամուլէն ակնկալութեան եւ նախասիրութիւններուն առնչուող հարցեր:

«Գանձասար»ի խմբագրակազմի անդամներն ու աշխատակիցները այցելուին հետ զրուցեցին լրագրական հմտութիւներու կարեւորութեան մասին, օգտուելով մասնագէտ լրագրողին աշխատանքային փորձառութենէն ու տեղեկութիւններէն:

Լուսարձակի տակ առնուեցան ներկայ ժամանակներուն աշխատանքի մասնագիտական մօտեցման կարեւորութիւնը, տպագիր եւ առցանց մամուլին ներկայ վիճակը, լրատուամիջոցներու վաւերականութիւնը, լեզուի օգտագործման բծախնդրութիւնը, ոճի եւ լուրի մատուցման ձեւին առնչուող հարցեր եւ այլն։

Գասարճեան հետեւեալը ըսաւ․ «Իմ յաջողութիւնները կը պարտիմ «Գանձասար»ին, ուր նետած եմ առաջին քայլերս դէպի լրագրական աշխարհ»: Գասարճեան խօսելով իր լրագրական փորձերու նախաշրջանին մասին աւելցուց. «Գրելու առաջին փորձերս սկսած եմ նախակրթարանի օրերէն «Ցոլքեր» աշակերտական պարբերաթերթին մէջ, ապա՝ Ազգ․ Քարէն Եփփէ ճեմարանի «Ծիլեր» աշակերտական պարբերաթերթին, որոնք մեծ դեր ունեցան գրիչիս եւ մամուլի ոլորտին առնչուող հետաքրքրութիւններուս զարգացման մէջ»։

Գասարճեան բարձր գնահատեց ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ թերթիս աշխատանքը, ի մասնաւորի վաւերական լրատուութիւնը ու լեզուի նկատմամբ բծախնդիր մօտեցումը, միեւնոյն ատեն անհրաժեշտ համարեց կատարելագործել առցանց աշխատանքի կարելիութիւնները, յատկապէս տեսագրութիւններու տարբեր միջոցներ յիշելով:

Խմբագիրն ու Սարգիս Գասարճեան խորհրդակցեցան նաեւ գործակցութեան տարբեր միջոցներու մասին։