«Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդը նշան կը խնդրէ» (Մտ. 16.4)

            Ներկայիս շատ են այն անձերը, որոնք կ’ուզեն հրաշք տեսնել, սակայն Քրիստոս ասոնց կը պատասխանէ ըսելով. «Բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի» (Ղկ. 11.29): Որովհետեւ նինուէացիները հաւատացին եւ ապաշխարհեցան՝ միայն լսելով Յովնան մարգարէին քարոզութիւնը: Ուրեմն հաւատանք, առանց Աստուծմէ ակնկալելու որեւէ բան:

Մեր հաւատքով Քրիստոսի շնորհքին կ’արժանանանք եւ կ’ապրինք ճշմարիտ հրաշքներ, ոչ թէ նախ հրաշք տեսնելով մեր հաւատքը կը զօրացնենք:

Արիւնի, ձէթի, խունկի եւ հրեշտակի յայտնութիւնները կամ նշանները, որոնք ի ցոյց մարդկանց կը կատարուին, միայն քրիստոնէութեան մէջ չեն իրականանար, բոլոր կրօնքներուն մէջ կը յայտնուին նոյնանման կամ այլ նշաններ:

Սատանան ալ կրնայ նշաններ ղրկել: Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ. «Զարմանալի ալ չէ, որովհետեւ Սատանան ինքն ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանքով կը ներկայանայ» (Բ. Կր. 11.14): Աւելին․ Սատանան կրնայ երկինքէն կրակ իջեցնել, ինչպէս յիշուած է Յայտնութեան գիրքին մէջ (Յյտ. 13.13):

Ուրեմն չհաւատանք մեր ամէն տեսածին, այլ «Փորձենք զանոնք, գիտնալու համար՝ թէ իրապէս Աստուծոյ հոգիո՞վ կը խօսին» (Ա.Յհ. 4.1):

Հետեւեալ օրէնքներով կրնանք հաստատել, որ հրաշքը վաւերակա՞ն է թէ ոչ:

 

Ա.- Պէտք է տեսիլքը կամ հրաշքը համապատասխանէ Աստուածաշունչին: Աստուած երկու հազար տարի վերջ մեզի նոր պատուէր մը կամ նոր Աւետարան մը պիտի չտայ, ուրեմն որեւէ յայտնութիւն պէտք է անպայման իր նմանը ունենայ Աստուածաշունչին մէջ: Գաղատացիներուն նամակին մէջ գրուած է՝ «Բայց ով որ մեր քարոզածէն տարբեր Աւետարան մը քարոզէ ձեզի, ո՛վ որ ըլլայ՝ նոյնիսկ մենք կամ երկնքէն հրեշտակ մը՝ անիծեալ ըլլայ» (1.8): Դժբախտաբար կարգ մը անձեր կ’օգտագործեն Ս. Հոգիին անունը կամ որեւէ սուրբի մը անունը եւ կամ նոյնիսկ Ս. կոյս Մաիամի անունը՝ նոր պատուէր մը տալու ժողովուրդին, մոլորեցնելով զինք:

 

Բ.- Պէտք է հրաշքը կամ նշանը որ կ’երեւի, նպատակ մը հետապնդէ: Աստուած ինքզինք չի հակասեր՝ Իր խօսքերը եւ գործերը միշտ նոյնն են: Որովհետեւ Աստուած ցուցադրական տեսարաններ (ձէթ, խունկ, արիւն, պատկեր շարժել)՝ չի սարքեր, պարզապէս ժողովուրդը կը հաւատայ նման պատկերներու: Ուրեմն երբ Աստուած մէկու մը տեսիլքի պիտի արժանացնէ կամ հրաշքի պահ մը պիտի ապրեցնէ, ինքնաբերաբար նպատակ մը պէտք է հետապնդէ՝ Քրիստոսը քարոզելու (Մտ. 16.15) եւ փրկութեան ծրագիրը ի գործ դնելու:

 

Գ.- Փոփոխութիւն կրել: Երբ  որեւէ անձ տեսիլք ունենայ, պէտք է իր կեանքին մէջ արմատական փոփոխութիւն յառաջացնէ: Սողոսը զինուորական մըն էր, քրիստոնեայ հալածող եւ սպանող, երբ Յիսուս երեւեցաւ Սողոսին, ամբողջ կեանքը փոխուեցաւ, դարձաւ մեծ քարոզիչ Քրիստոսի եկեղեցիին եւ կոչուեցաւ Սրբազան Պօղոս Առաքեալ: Փոփոխութիւնը ժամանակաւոր պէտք չէ ըլլայ, այլ յաւիտենական եւ փրկութեան ձգտող: Օրինակ՝ երբ Կենարար Ս. Հոգին մէկու մը մէջ հանգչի, նպատակ մը պէտք է հետապնդէ, ո’չ թէ պարզապէս տապլտկի, ուժաթափ ըլլայ, այլ նուազագոյնը լեցուի Ս. Հոգիին պտուղներով (Գղ. 5.22):

 

Դ.- Հրաշքը կամ տեսիլքը Աստուծոյ փառքին պէտք է ծառայեն: Որեւէ հրաշք կամ նշան պէտք չէ բացարձակապէս վերագրել Սուրբերու: Որովհետեւ գրուած է․ «Ինչ որ իմ անունովս խնդրէք՝ պիտի կատարեմ զայն, որպէսզի Հայրը փառաւորուի Որդիով» (Յհ. 14.13): Ուրեմն որեւէ հրաշք Յիսուսի վերագրենք եւ Աստուծոյ փառք տանք, ոչ թէ որեւէ սուրբի եւ կամ նոյնիսկ Աստուածամօր, որպէսզի մեր անհաւատութեան եւ տգիտութեան պատճառով պատիժի չենթարկուինք: Փառքը միայն Աստուծոյ է: Տասը բորոտներէն միայն մէկ հոգին բժշկուեցաւ, որովհետեւ Քրիստոսի վերադարձաւ, շնորհակալութիւն յայտնելով փառք տուաւ Աստուծոյ, այս պատճառով միայն ինք փրկուեցաւ (Ղկ. 17.11-19):

 

Ե.- Տեսիլքին կամ պատգամին հետեւանքը կամ արդիւնքը: Երբ տեսիլք մը կ’ունենանք կամ կը լսենք մէկու մը տեսիլքին մասին, ուշադրութիւն պէտք է ընենք, թէ ին՞չ է պահանջքը մեզմէ կամ խնդրոյ առարկայ անձէն, արդեօ՞ք ան Աւետարանին դէմ է: Ներկայիս տարածում գտած են Ս․ Մարիամի անունով տեսիլքներ աշխարհին մէջ, ինչպէս՝ Մետիկորիէն (medjugorje) կամ Ֆաթիման (fatima): Այսպիսի տեսիլքներ բացարձակապէս Աստուածային տեսիլքներ չեն, այլ՝ սատանայական միջամտութեամբ կը կատարուին: Որովհետեւ Ս. Կոյս Մարիամ՝ խոնարհութեան ու սրբութեան խորհրդանիշը, չէ ըսած եւ ոչ ալ կ’ըսէ որ ձեր սրտերը ինծի նուիրաբերեցէք եւ կամ ինծի աղօթքներ մատուցեցէք: Մենք պէտք չէ Աստուծմէ զատ ուրիշին աղօթենք կամ պաշտենք: Ներկայիս մարդիկ ուրիշ սուրբերու նուիրուած տաճարներուն մէջ ծունկի կու գան, անոնցմէ կը խնդրեն ամէն բան, կարծելով որ անոնք են կեանքին փրկիչը, մոռնալով որ մենք Քրիստոսի արեան գինն ենք:

Ուրեմն, որեւէ տեսիլքի կամ նշանի մասին որ կը լսենք, կամ կը տեսնենք, պէտք է կիրարկենք այս 5 կէտերը ամբողջութեամբ, այսինքն պէտք է 5 կէտերը յարմարին մեր տեսածին, առանց բացառութեան, որպէսզի հրաշքը հարազատ ըլլայ Աստուածային ճշմարտութեան: Հաւատանք Քրիստոսի առանց հրաշք ակնկալելու, ինչպէս նինուէացիները հաւատացին: Այդպիսով է, որ Աստուած կը ողորմի մեզի եւ մենք կ’արդարանանք Քրիստոսով:

Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան