Դրաստամատ Կանայեան: Ճեմարանը փոքրիկ Հայաստան  դարձնողներու շարքին իր ուրոյն տեղը ունէր  Դրաստամատ Կանայեանը՝ զօր. Դրօն, որ այն օրերուն կայտառ ծերունի մըն էր, իր կարգին 70-նոց մը՝ Վրացեանին հասակակից, սակայն անհամեմատ աւելի  աշխուժ ու կենսունակ:

Ան կը բնորոշուէր իր ուղիղ,  առողջ ու կոկիկ կերպարով, շարժումներու թեթեւութեամբ  եւ դէմքի մեղմ փայլով մը, որ  անջնջելի կը մնար: Զինքը նոր տեսնողը կամ անոր նայուածքը առաջին անգամ որսացողը կրնար այնպէս կարծել, թէ ան կը ժպտի իրեն, սակայն շատ շուտ կ’անդրադառնար նաեւ, որ այդ «ժպիտը»  իրեն ուղղուած չէ, այլ ի բնէ դրոշմուած է անոր դէմքին վրայ  ու մաս կը կազմէ անոր բնախօսութեան (physiologie): Ան կը ձգէր տպաւորութիւնը միշտ գոհ, միշտ ուրախ, ամէն բանի մէջ յաջողած եւ իր կեանքը ըստ իր ցանկութեան կազմակերպած ու լիացած մարդու մը, որ ոչ մէկ ափսոսանք ու զղջում ունէր:

Դրօն եւ Վրացեանը ունեցած են մօտաւորապէս յիսնամեայ անստուեր մտերմութիւն մը, եւ այս ամբողջ ժամանակը անոնք  ներդաշնակ գոյակցած են՝ մէկը իր  գրիչով եւ միւսը իր սուրով  այնքան ատեն,  որ  իրարմէ անջատ ապրած են:  Բայց դիպուածը այնպէս կը դասաւորէ, որ անոնք  սենեկակից դառնային  Լիբանանի մէջ, եւ  անոնց յարաբերութիւնը բնորոշող ներդաշնակութիւնը խախտէր,  ամէն բան տակնուվրայ ըլլար:

Ահա թէ ինչպէս:

*   *   *

Անոնք կը բնակէին Ճեմարանին անմիջապէս կից շէնքի մը մէջ  ու կը բաժնէին նոյն սենեակը   կամ թերեւս նոյն փոքրիկ յարկաբաժինը, եւ այս բնակակցութիւնն  ալ կը խախտէ  անոնց  երբեմնի համերաշխութիւնը՝  մղելով  Վրացեանը շատ յաճախ բողոքելու անոր շռայլութենէն,   մսխումներէն ու անփութութենէն:

Ուրեմն Դրօն,– ծագումով շատ բարեկեցիկ  ընտանիքի զաւակ,–  կը սիրէր հագուիլ-շքուիլ այն աստիճան, որ  խնամատար կնոջ հերթական լուացքները չէին հասներ փոխարինելու անոր արագօրէն սպառող փոխնորդները, եւ ան կը դիմէր օժիտին  Վրացեանի, որ, ծագումով ծայրայեղօրէն աղքատ ու ժուժկալ ընտանիքի զաւակ ըլլալուն, զերծ էր  ընկերոջը  մսխումներէն  եւ  խնայողութեամբ  կը գործածէր  իր առարկաները:  Դրօ ձեւը կը գտնէր, սակայն,  անոնց ալ տակէն մտնելու ու վրայէն ելլելու՝ ըստ կարիքի, եւ երբ Վրացեան պէտք ունենար գուլպայ մը կամ շապիկ մը փոխելու, դատարկ կը գտնէր իր գզրոցները, մինչ  փոխարէնը բերնէ-բերան լեցուն կ’ըլլար այն կողովը, ուր կը նետուէին  Դրոյի փոխած ու  լուացքի սպասող  տաբատները, շապիկներն ու  գուլպաները, որոնք երբեմն ալ  հոս-հոն անխնամ  ձգուած կ’ըլլային կամ  ալ ծածուկ թխմուած կ’ըլլային անտեսանելի անկիւններ՝ «Սիմոնի  աչքերից  հեռու»:

Եւ կը սկսէր անխուսափելի բախումը ընդմէջ երկու հսկաներուն՝ երբեմնի սպարապետին ու վարչապետին, մինչեւ որ  ձեւը գտնէին, – եւ այդ ձեւը անխուսափելիօրէն կը գտնուէր,– սովորականին պէս  հաշտ ու համերաշխ դուրս գալու՝ համակ ժպիտ ու ջերմութիւն՝ ցուցադրելով ըստ ամենայնի  միաբան, միակամ ու սիրալիր զոյգ մը, որ  կարծես տօնավաճառի երթալու կը պատրաստուի:

*   *   *

Պէտք չէ մտահան ընել այն անհուն հիացումը, որ Վրացեան ունեցած է ազատամարտիկ Դրոյի հանդէպ: Իրեն  կը պատկանի այն ամենաշոյիչ բնորոշումը, որ երբեւիցէ տրուած ըլլայ   երբեմնի զօրավարին: Արդարեւ, Վրացեան անոր կեանքին ու գործին  նուիրուած իր մէկ հիանալի աշխատութիւնը կոչած է «Մրրկածին Դրօն»:

Ասով հանդերձ ան չէ վարանած երբեմն ալ կսմթելու զայն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի գիրի, գրականութեան եւ ուսումնառութեան մէջ անոր  ցուցաբերած,– աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ չունեցած,–   հետաքրքրութեան:

Այդ կսմիթներէն մէկը կը հասնի Դրոյի թեմական վարժարան յաճախած տարիներուն՝ անոր ծննդավայրին՝ Իգտիրի մէջ:

Ուրեմն մօտաւորապէս  16 տարեկանին ան այլեւս բոլորովին կը ձանձրանայ յաճախելէ դպրոց, որու ծրագիրը չի հետաքրքրեր զինք, եւ ան ժամանակը կը յատկացնէ, դասերէն բացի, քիչ մը ամէն բանի, մասնաւորաբար թափառելով ռուսական  բանակի զօրանոցներուն շուրջ, դիտելով անոնց մարտական փորձերը  եւ իր կարգին  կազմակերպելով ընկերներու հետ  իր սեփական ջոկատները, անշուշտ միշտ ի՛ր հրամանատարութեամբ, բաներ որոնք յուսահատութեան կը մատնեն   հաստատութեան տնօրէնը, որուն իսկական  մղձաւանջը դարձած է պատանի Դրօն, որ իր կռնակին պաշտպան ունի մեծահարուստ  ու ազդեցիկ հայր մը:

Ան ի զուր կը մտմտայ նման փորձանքէ  ձերբազատելու միջոց մը գտնել՝ առանց յաջողելու, մինչեւ որ բարեբաստիկ օր մը Դրօ կ’որոշէ մտնել  զինուորական ակադեմիա, որուն ծրագիրը շատ աւելի  կը պատշաճէր  իր նկարագրին ու կը հրապուրէր զինք, սակայն  այնտեղ մուտքը կը պահանջէ ուսումնական այնպիսի մակարդակ մը, որուն գոհացում տալէ շա՜տ հեռու էր  ինք.  իր ունեցած նիշերով ակադեմիային քովէն իսկ չի կրնար անցնիլ:

Եւ ահա կը սկսի մթին սակարկութիւն մը իր եւ տնօրէնին միջեւ.

–Եթէ նիշերս փոխես, դպրոցը կը ձգեմ,  ու ինձանից  կ’ազատուես…

Երկար  տատանումներէ ետք՝ տնօրէնը ճարահատ կը յօժարի փոխել անոր վիճակացոյցը՝ պատրաստելով նոր մը եւ նշանակելով այնպիսի նիշեր, որոնք շատ լայն պիտի բանային ակադեմիայի դռները Դրոյի առջեւ: Եւ զայն  յանձնած պահուն եւ առանց նուազագոյն հաւատքի՝ «ի սրտէ  յաջողութեան անկեղծ  մաղթանք» կը կատարէ «ապագայ զօրավարին»:

Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ հեգնանքով ու խոր թերահաւատութեամբ կատարուած  այդ մաղթանքը…կ’իրականանայ:

*    *    *

Դա՛րձեալ Վրացեանն  է պատմողը:

Կը պատահի, որ Եղեռնէն առաջ առիթով մը Արաքսի ափին  միատեղ գտնուէին ինք,  բժ. Տէր Դաւթեանը եւ Ռոստոմը,  երբ ձիաւոր սուրհանդակ մը կը հասնի եւ գլխարկին մէջէն հանելով՝  վերջինիս  կը յանձնէ նամակ մը Դրոյէն,  որ այն օրերուն երեւութապէս առեւտուրով, սակայն խորքին մէջ տեղեկահաւաքով   կը զբաղէր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ «Սուրէն էֆենտի» ծածկանունով:  Ռոստոմ կը բանայ նամակը, կը փորձէ կարդալ ու չի յաջողիր: Ուստի կը յանձնէ  զայն Վրացեանին, որ իր կարգին չի կրնար կարդալ, ապա ձեռք կ’առնէ Տէր Դաւթեան, որ նմանապէս կը ձախողի:

–Մէկ ճար կը մնայ ,– կ’եզրակացնէ Ռոստոմ,– պէտք է հեռագրել Դրոյին, որ գայ ու ինքը կարդայ  իր գրած  նամակը:

Տէր Դաւթեան քիթին տակէն կը ծիծաղի:

–Ինչո՞ւ կը ծիծաղիս,– կը հարցնէ Ռոստոմ շուարած:

–Օգուտ չունի գալը, որովհետեւ  ի՛նք ալ  չի  կրնար  կարդալ  գրածը…

*   *   *

Դրոյի մէկ ոտքը Ճեմարան էր միշտ, իսկ միւսը ամէն տեղ էր,  ուր հայ կար՝ Պուրճ-Համմուտ,  ուր երբեմն  դասախօսութիւն ալ  կու տար, Անճար, ընդհուպ մինչեւ Հալէպ, Քամիշլի եւ շրջանները, ուր ձեւը կը գտնէր զինավարժութեամբ ալ զբաղելու «բալիկների հետ»: Անոր կը վերագրուէին ուրիշ բաներ եւս,  որոնք սակայն մեր «գլուխէն վեր» հարցեր էին եւ մեզի ըմբռնելի չէին:  Մեզի համար ան բազմաթիւ թուրք, ռուս ու հայանուն ոսոխներու   ահաբեկիչն էր,  աւելի ուշ՝  կամաւորական երկրորդ գունդի հրամանատարը՝ զօրավարի աստիճանով, օգնական ունենալով Արմէն Գարօն,  որ 1915-ին  հասաւ մինչեւ Վան ու Արճէշ,  իսկ երեք տարի ետք  պաշտպանեց Բաշ-Ապարանի ճակատը՝ թրքական հորդաներուն դէմ:

Անողոք հիւանդութիւնը ստիպեց այս պողպատակուռ  մարդը,  որ 1956-ին   անակնկալօրէն  հեռանայ Լիբանանէն, ուր այնքան լիացած  կը զգար ինքզինք, դարմանում մը գտնելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուրկէ ա՛լ չկրցաւ վերադառնալ:

Արմենակ Եղիայեան