«Հորիզոն».-Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած թուրք-ատրպէյճանական զինուորական սադրանքներու յաջորդող օրերուն՝ Քանատայի ՀՅԴ Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբը զօրաշարժի իրավիճակի ենթարկուեցաւ եւ նախաձեռնեց համագաղութային դրամահաւաք։ Արդէն իսկ նուիրահաւաքը հասած է 710 հազար տոլար գումարի։ Դրամահաւաքի կոչին ընհառաջ քանատայի հայ համայնքը կուռ շարքերով մասնակից է։
26 Սեպտեմբեր թուակիր իր հաղորդագրութեամբ, յանձնախումբը նշած էր. «Այսօր, մեր սուրբ հողը՝ մեր Արցախը անգամ մը եւս կը կանչէ մեզի։ Այսօր, բոլորս ունինք մէկ նպատակ՝ Արցախ եւ բիւր գործեր, յանուն անոր խաղաղ ապրելու իրաւունքին»։
«Ժամանակը հիմա՛ է հաստատելու այդ իրաւունքը իր բոլոր երեսներով՝ ընկերայինէն մինչեւ ստեղծագործական։
«Արդ, ուրեմն՝ ի գործ, միասին եւ բոլորս, յանուն Արցախի»։
Համագանատական այս ազգային նուիրահաւաքը կը շարունակուի. Արցախի համար ձեր մասնակցութիւնը կրնաք ունենալ այցելելով՝ https://camam.akaraisin.com/ui/ArtsakhAid կամ գրել ArtsakhAid@armenian.ca եւ կամ հեռաձայնել 1 833 426 2867, 1 833 GAMAVOR վերտառութեամբ: