Ֆրանսայի հայ համայնքը 13 Հոկտեմբերի երեկոյեան Փարիզի Ազգային ժողովի յարակից տարածքին մէջ բազմամարդ հաւաք կատարած է Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու պահանջով:
Հաւաքուողներուն մէջ ոչ միայն հայեր նաեւ օտարերկրացիներ եղած են: Ցոյցին միացած են Վալերի Պուայէն ու այլ պատգամաւորներ: Մասնակիցները պահանջած են Ֆրանսայի իշխանութիւններէն ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը:
«Մեզի տրուած է պատմական կարելիութիւն` Ատրպէյճանին ու Թուրքիային ցոյց տալու, թէ ով է մէկ բռունցք դարձած հայ ժողովուրդը», յայտնած է մասնակիցներէն մէկը: Մենք բոլորս հայեր ենք, բացականչած են ցուցարարները:
Աւելի ուշ Կոմիտաս Վարդապետի յուշարձանին մօտ տեղի ունեցած է մոմավառութիւն:
Բազմամարդ հաւաքին ելոյթ ունեցած են Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան: Հաւաքին մասնակցած են նաեւ դերասան, բեմադրիչ Սիմոն Աբգարեան, հրամանատար, Շառլ Ազնաւուրի որդին` Նիքոլա Ազնաւուրը տիկնոջ հետ, դաշնակահար, երգահան Անտրէ Մանուկեան, ՀՖՖ նախագահի խորհրդական Տենիս Ճորքայէֆ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն: