Ֆրանսական Լիմոնէ քաղաքի համայնքային խորհուրդը Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբերին, միաձայնութեամբ քուէարկած է Արցախի անկախութեան ճանաչման օգտին:
Փաստաթուղթը կը պարունակէ յատկապէս հետեւեալ պատգամը․ «Ֆրանսայի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում՝ անոր բնակչութեան անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի եւ համաշխարհային կայունութեան գրաւական»:
Այսպիսով, Լիմոնէն Ֆրանսիայի մէջ երկրորդ քաղաքն է Ալֆորուիլէն վերջ, եւ առաջինը Օւերն-Ռոն-Ալփ շրջանի մէջ, որ ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը: