ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Վրաստանի պատուոյ հիւպատոս Մարսել Տաւիտ Խուզամիին յղեց նամակ մը, որուն մէջ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Վրաստանի տարածքով Թուրքիայէն եւ Իսրայէլէն մատակարարումին նկատմամբ զէնքերու եւ զինամթերքներու, որոնք կ՛օգտագործուին թիրախաւորելու համար Արցախի հանրապետութեան մէջ քաղաքայիններ, որոնց կարգին նաեւ մանուկներ, կիներ ու տարեցներ:

«Թէեւ Վրաստան յայտարարած է, թէ անկողմնակալ դիրքորոշում մը ունի եւ կը խօսի ի նպաստ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց, բայց եւ այնպէս մենք խորապէս մտահոգ ենք, որ Թիֆլիս Ատրպէյճանի կ՛արտօնէ իր հողերն ու օդային տարածքը օգտագործել փոխադրելու համար վարձկաններ, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ու թրքական զէնքեր, որոնք կ՛օգտագործուին սպաննելու քաղաքայիններ եւ թիրախաւորելու Արցախի հանրապետութեան քաղաքային ենթակառոյցներն ու պատմական եկեղեցիները: Իրողութիւն մը, որ ուղղակի կերպով կը հակասէ Թիֆլիսի կողմէ յայտարարուած բարի դրացնութեան քաղաքականութիւնը: Հարկ է նշել, որ Թիֆլիս պէտք է կանխարգիլէ մեղսակցութեան վերաբերեալ տպաւորութեան ստեղծումը:

«Ի վերջոյ, Վրաստանն ու վրացիները, Հայաստանի եւ հայերուն նման, զոհերը պիտի դառնան Ազրպէյճանի հանրապետութեան, Թուրքիոյ եւ վարձկաններու կողմէ գործուած ոճիրներուն: Արցախի մէջ Ատրպէյճան-Թուրքիա-ահաբեկչական վարձկաններու յաջողութիւնը անկասկած յանդուգն պիտի դարձնէ պատերազմի առանցքը եւ առաւել մեծ վտանգ ստեղծէ ամբողջ շրջանին ու անոր երկիրներուն համար, որոնք պիտի ստիպուին փանթուրանութիւնն ու իսլամական ահաբեկչական խմբակները առանձին դիմակայել: Յարմարուողականութեան քաղաքականութիւնը պիտի չկանխարգիլէ վտանգը, այլ զայն պիտի մեծցնէ եւ ապահովէ անոր յաջողութիւնը»: