Թուրքիոյ աւելի քան դար մը առաջ որդեգրած ու ներկայիս շարունակուող յանցագործութիւններուն անպատժելի մնալը պատճառ կը դառնայ, որ ան աւելի անկարավառելի մոլուցքով դիմէ ոճրային, ահաբեկչական շարժումներու ծաւալման նպաստող քայլերու, հասնելու համար թուրանական իր նպատակներուն։
Նախքան սուրիական տագնապը, արաբական աշխարհին մէջ որոշակի համակրանք կար Թուրքիոյ ներկայ նախագահին՝ Էրտողանի նկատմամբ, որպէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս արաբ ժողովուրդի դատին պաշտպան ղեկավար։ Այս ալ ունէր իր պատճառները անշուշտ։ Էրտողանի արաբական աշխարհին մօտենալու, պաղեստինեան դատին նեցուկ կանգնելու կեղծ փորձերն էին, որոնք պահ մը այն տպաւորութիւնը թողուցին, որ ան Միջին Արեւելք կþուղղուի  փրկելու Պաղեստինն ու Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն հետ դրական յարաբերութիւններ մշակելով իշխող դէմք դառնալու։
Այս խաբկանքը, սակայն, շուտով փարատեցաւ, երբ Թուրքիան սուրիական տագնապը հրահրելով ահաբեկչական շարժման թիրախ դարձուց Սուրիան, հրահրեց հաւատադրժողական ծայրայեղներն ու կրօնքի եւ դաւանանքի պատրուակով լարեց զանոնք իրենց իսկ երկրին դէմ, ապա նաեւ իր տարածաշրջանային ծրագիրներուն համար օգտագործեց ահաբեկիչները այլ երկիրներու մէջ՝ թէ՛ իր երկրի սահմաններէն հեռացնելու, անվերադարձ մահուան գիրք ճամբելով զիրենք, եւ թէ իր ծաւալապաշտական ծրագիրներուն ծառայեցնելով այդպիսի վարձկաններ։
Սուրիայէն, Իրաք, Լիպիա, ներկայիս հարաւային Կովկաս, Արցախ ահաբեկչական շարժումներուն տարածման պատասխանատուն մէկ գլխաւոր կողմ է՝ Թուրքիան։
Արաբական աշխարհը ի տես այս զարգացումներուն հիմնովին շրջեց իր մօտեցումները եւ ճանչցաւ ինքզինք բարեկամ ներկայացնել փորձող Թուրքիոյ ներկայ նախագահին իսկական դիմագիծը։
Այսօր արաբական շարք մը երկիրներ Թուրքիոյ հետ կը վերաբերին որպէս թշնամի երկիր։ Վերջերս ծայր առած է Թուրքիան տնտեսապէս ճնշելու ծրագիր մը, որուն համաձայն, ժողովրդային ոչ-պետական մակարդակներով արաբական զանազան երկիրներու մէջ թրքական արտադրութիւններու վաճառքը արգիլելու կոչեր կը հնչեն, որոնց բնականաբար կը յաջորդէ թրքական ներդրումային ծրագիրներու մերժումը։ Սուրիա, Լիբանան, Լիպիա, Սէուտական Արաբիա եւ տակաւին շարք մը այլ արաբական երկիրներու մէջ թրքական արտադրութիւնները կը մերժուին։
Ժողովուրդներ տեսնելով միջազգային հանրութեան լռութիւնը, իրենք կը նախաձեռնեն տնտեսական պատիժներու նախնական քայլերու, որոնք տարբեր երկիրներու միջեւ համադրման պարագային կրնան լուրջ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ արդէն իսկ խարխուլ  տնտեսութեան վրայ։
Այս արշաւը կը հասնի նաեւ Եւրոպա։ Օրերս Ֆրանսայի մէջ եւս ստեղծուած է թրքական արտադրութիւնները մերժելու շարժում մը։
Այս բոլորին կողքին, արաբական աշխարհի քաղաքական բեմերուն վրայ նկատելի է թրքական ոտնձգութիւնները մերկացնելու յստակ քաղաքականութիւն։
Այս զարգացումները աննկատ պէտք չէ անցնին հայկական դիւանագիտական աշխատանքներու շրջածիրէն։ Թուրքիան ահաբեկչութիւն արտածող երկրի վերածուած է փաստօրէն։ Ատրպէյճանը այս ծրագրին սատարող գործիք մըն է իրեն համար պարզապէս, որուն սեփական շահերը չեն հետարքրքեր Թուրքիան, որքան իր թուրանական ծրագիրները։
Արցախի սամանը ահաբեկչական խումբեր տեղադրող Թուրքիոյ համար սա սկիզբ է միայն։ Անոր հեռահար նպատակը Իրան-Հայաստան սահմանը ահաբեկչական թիրախի վերածելէ ետք հիւսիսային Կովկաս հասնիլ է։
Սուրիական իշխանութիւններ քանիցս զգուշացուցած էին ՄԱԿն ու միջազգային ընտանիքը ահաբեկիչներու հոսքը ղեկավարող Թուրքիոյ նկրտումներէն, սակայն Իսրայէլի ջաղացին ջուր լեցնող արեւմտեան երկիրներ լուռ մնացին այս ահազանգին դիմաց, անլրջութեամբ մօտեցան Թուրքիան պատժելու ինչպէս հայ ժողովուրդին, այնպէս ալ արաբական շարք մը երկիրներու կոչերուն… արդիւնքը այսօր Միջին Արեւելքէն հարաւային Կովկաս, ապա նաեւ հիւսիսային Կովկաս, Եւրոպաներ ահաբեկչական շարժումներու տարածումն է։
Այս անտարբերութիւնն է Թուրքիոյ յանցագործութիւնները սնուցանող հիմնական գործօնը։
Այսօր Արցախի հայ զինուորը կը պայքարի ոչ միայն իր հողերու բռնագրաւման եւ իր ժողովուրդը երկրորդ ցեղասպանութեան ենթարկելու ձգտող ուժերու դէմ, այլեւ ահաբեկչական ծաւալող, հսկայ շարժումի մը դէմ։ Կը պայքարի առանձին, կը պայքարի նաեւ աշխարհին համար։
Այսօր, Ստեփանակերտի ծննդատան եւ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ դիտաւորեալ հրթիռակոծումը յստակօրէն կը սահմանեն պատերազմական յանցագործները։
Այս յանցագործները նոյն ահաբեկչական ոճը որդեգրած էին Սուրիոյ մէջ, Լիպիոյ մէջ, Իրաքի մէջ, այսօր Արցախի մէջ, իսկ անոնց մոլուցքը չսանձուելու պարագային՝ այլ տարածաշրջաններու մէջ։
Միջազգային ընտանիքը, իր հարցերով տարուած, ցարդ կը թերագնահատէ ահաբեկչական վտանգի այս տարողութիւնը։
«Գ.»