«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ռազմական պատուիրակութիւնները Անգարայի մէջ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի դադարեցման համաձայնութեան մասին որոշումը եւ հետագայ քայլերը:
«Թուրքիոյ Ազգային Պաշտպանութեան Նախարարութեան մէջ թրքական եւ ռուսական ռազմական պատուիրակութիւններու բանակցութիւններուն ճարտարագիտական մասը աւարտած է: Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի յայտարարումէն վերջ կատարուելիք աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, Իտլիպի մէջ: Բանակցութիւնները պիտի շարունակուին վաղը», յայտնած են թրքական ռազմական գերատեսչութենէն: