«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի` Ատրպէյճան թրքական զօրք ուղարկելու մասին որոշման նախագիծը նախօրէին ներկայացուած էր երկրի խորհրդարանի քննարկումին:
Ըստ այդ որոշումին` թրքական զինեալ ուժը ներգրաւուած պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի վարչակարգի մշտադիտարկումին թուրք-ռուսական միատեղ դիտորդական կեդրոնի շրջանակին:
Թրքական «Halk TV» հեռուստաընկերութեան «Մետիահարթակ» ծրագիրի հաղորդավարուհի Այշենուր Արսլան, անդրադառնալով թրքական իշխանութիւններուն նման մտադրութեան, ցնցող յայտարարութիւններ կատարած է:
Ան, քննադատելով թրքական իշխանութիւններուն յիշեալ որոշումը, յայտնած է, որ իր կարծիքով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէն ուժի ցուցադրում է Հայաստանին եւ թրքական զօրքի ներկայութիւնը Ատրպէյճանի մէջ:
Արսլան նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ հասարակութեան շրջանին ազգայնականութեան աշխուժացման` ըսելով․ «Եթէ ազգայնականութիւնը ծայրայեղանայ, ապա դէպքերը այլ ուղղութեամբ կ’ընթանան: Այդ միտումը սնուցելու, ընդդիմադիր կուսակցութիւնները լռեցնելու համար մենք զօրք պիտի ուղարկենք Ատրպէյճան»:
Արսլան, խօսք ուղղելով հաղորդման հիւր, իրաւաբան Ճելալ Ուլկենին, հռետորական հարց տուած է․ «Ես ամէն պարագային երազ չեմ տեսներ, չէ»՞:
Ի պատասխան հաղորդավարի հարցումին, Ուլկեն յայտնած է, որ Արսլանի նման տեսակէտը կապուած է նախապէս Թուրքիոյ նմանատիպ հանգրուանային զարգացումներուն հետ:
Ուլկենի համոզումով` Ատրպէյճան զօրք ուղարկելու որոշման նախագիծը խորհրդարանին ներկայացուելէ առաջ նախ պէտք է անոր մասին տեղեկութիւն հաղորդուէր նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն, որ իր արժեւորումով` բնական չէ: