«Արմէնփրէս».- Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան 27 Նոյեմբերին աշխատաքային քննարկում ունեցած է «Human Rights Watch» կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանային տնօրէնի տեղակալ Դանիա Լոքշինայի հետ:  ՀՀ ՄԻՊ գրասենեակը յայտնած է, որ Արման Թաթոյեան տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արհեստականօրէն կը ձգձգէին ոչ միայն պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին, նաեւ գործողութիւններէն առաջ ու անոնց աւարտէն վերջ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայկական կողմի գերիներու վերադարձի եւ դիերու փոխանակման գործընթացները:
Ատրպէյճան նպատակ ունի դիտաւորութեամբ հայ հասարակութեան մէջ ստեղծել անորոշութեան ու լարուածութեան մթնոլորտ, խաթարել հասարակութեան հոգեկան անձեռնմխելիութիւնը, հոգեկան տառապանքներ պատճառել մահացած զինուորական ծառայողներուն, անհետ կորածներուն ու գերիներու ընտանիքներու անդամներուն:
Այս ամէնը, ըստ Արման Թաթոյեանի, Ատրպէյճանի մէջ հայատելութեան կազմակերպուած քարոզի, խոշտանգումներու ու անմարդկային վերաբերմունքի համակարգուած քաղաքականութեան անբաժան մասն է: Աւելին, խոշտանգումներ ու դաժանութիւններ կատարողներն ու անոնց տարածումը կը խրախուսուի:
Ստեղծուած պայմաններուն մէջ գերիներու ազատ արձակումը եւ անոնց անվտանգ վերադարձի ապահովումը, դիերու փոխանակումը վայրկեան առաջ, հրատապ լուծում պահանջող հարց է:
Հանդիպման ընթացքին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ընդգծած է իր այն եզրակացութիւնը, որ Արցախի խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորելն ու անոնց նկատմամբ արգիլուած զինատեսակներ կիրառելը, վարձկան ահաբեկիչներու ներգրաւումը, հայատեացութիւնն ու համատարած վայրագութիւններն ու անմարդկային վերաբերմունքը, դաժանութիւնները կը վկայեն Արցախի մէջ ահաբեկչական մեթոտներով էթնիկ զտումներ իրականացնելու ատրպէյճանական քաղաքականութեան մասին, որ կը շարունակուի մինչ օրս:
Պաշտպանը շնորհակալութիւն յայտնած է «Human Rights Watch» կազմակերպութեան, որ յատուկ զեկոյցով հաստատուած էր քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէն քասեթային արգիլուած զինատեսակներու կիրառութեան փաստը: