Հողին տիրութիւն ընելը կարեւոր է նոյնքան, որքան անոր համար պատերազմիլը։ Տիրութիւն ընել զայն չլքելով, անոր վրայ ապրելով։
Եթէ ակնարկ մը նետենք պատմութեան էջերուն վրայ, պիտի տեսնենք, որ պատերազմներու աւարտին յաղթանակն ու պարտութիւնը զինեալ ուժերն ու մանաւանդ դիւանագիտական հմտութիւն ունեցող-չունեցողները, բանակցելու ճկունութիւն ունեցող-չունեցողները կը սահմանեն։ Հողին վրայ ապրող ժողովուրդն ալ, սակայն, իր պայքարը կը մղէ կառչած մնալով անոր։ Որքան պարպուի հողը իր զաւակներէն, այնքան կը դիւրանան թշնամիին սադրանքներն ու անոր տիրանալու նկրտումները։
Այս գաղափարը ամրագրուեցաւ յատկապէս սուրիական պատերազմի տարիներուն, երբ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը փորձէին հրթիռակոծելով խուճապի մատնել ժողովուրդը եւ զայն մղել, որ լքէ իր տունն ու տեղը վերջնականապէս, սուրիական բանակը, սակայն, տեւաբար կը յորդորէր ժողովուրդը վերադառնալ եւ տիրութիւն ընել իր բնակարաններուն, մշակութային ժառանգութեան, հողին ու անոր հարստութիւններուն։
Արցախեան պատերազմի զինադադարէն ետք յուսալքումի մատնուելու փոխարէն անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել եղածը պաշտպանելու եւ փրկել կարենալու կարելին՝ Արցախի կարգավիճակին, Արցախ-Հայաստան սահմաններուն, ժողովուրդին միջազգային օրէնքով ամրագրուած իրաւունքներու օրակարգերուն հետամուտ ըլլալով։
Յուսադրիչ է տեսնել Արցախ վերադարձող ընտանիքներու նկատառելի թիւը։ Հողը չդատարկելը մեր ժողովուրդին յառաջիկայ քայլերուն ամէնէն էականն է։ Արցախի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Ժիրայր Միրզոյեանի համաձայն, ցարդ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններէ Արցախ վերադարձած են աւելի քան 55 հազար բնակիչներ։ Ըստ անոր՝ ռուս խաղաղապահները ցարդ հաշուած եւ ընկերակցած են Գորիս-Բերձոր-Ստեփանակերտ մայրուղիէն վերադարձած աւելի քան 23 հազար արցախցիներու:
Ատրպէյճան պիտի ջանայ մէն գնով պարպել Արցախը իր մարտունակ ժողովուրդէն, այն ժողովուրդէն, որ պարտութիւն պիտի չկրէր, եթէ Ատրպէյճան յանդգնութիւն ունենար առանձին պատերազմելու անոր դէմ, եթէ բանակցող մեր վարչապետը, համաձայն իր խոստումին, ժողովուրդին ու քաղաքական ուժերուն հետ համախորհուրդ մեկնէր այնպիսի ստորագրութեան, որ պիտի սահմանէր մեր երկրին ու ժողովուրդին ճակատագիրը տարածաշրջանին մէջ։
Քաղաքական ուժերուն պոռթկումին ու այս համաձայնագիրին մերժումին տուն տուող պատճառները՝ անոր կէտերուն մէջ արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ Հայաստանին ու Արցախին սպառնացող անընդունելի անտեսումներն են։
Քաղաքական ուժերն ու մեր ժողովուրդը կը գտնեն այդ լրացումները կատարելու միջոցները, ներկայ պահուն, սակայն, նոյնքան կարեւոր է արցախաբնակ եւ հայաստանաբնակ մեր ժողովուրդի տագնապներուն լուծումներ որոնելը, գերիներու անփորձանք վերադարձի ապահովումը, անտուն մնացած, հայրենիքին նահատակ զաւակներ նուիրած հայ ընտանիքներուն ապաւէն գտնելն ու օժանդակելը, մանաւանդ հայկական կողմին վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու բնակչութեան վերադարձը հայրենի տուն, հերոս մեր ազատամարտիկներուն արեամբ ողողուած հայրենի տուն, տիրութիւն ընելու անոր եւ աստիճանաբար վերականգնելու գէթ նիւթական կորուստները։
Արցախի Հանրապետութիւն կերտած, անոր համար ծով զոհողութիւններ յանձն առած մեր ժողովուրդի զաւակները անօթեւան պէտք չէ մնան, գերեվարուած մեր մարտիկներուն իրաւունքները պէտք չէ արհամարհուին։ Մեր բոլորին պարտքն է նեցուկ կանգնիլ անոնց։
«Գ.»