«Կկու»ն սուրիահայ մանուկներուն եւ պատանիներուն սիրելի բարեկամն է: Ան միշտ ներկայ է իրենց առօրեային մէջ, մերթ թերթին տպագիր տարբերակով, մերթ՝ առցանց, կը յուշէ ազգային տօներն ու պատմական կարեւոր դէպքերն ու դէմքերը, խաղերով կը հարստացնէ փոքրիկներուն յիշողութիւնն ու գիտելքիները, գիտական նորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ կը հրամցնէ եւ հաճելի հեքիաթներ կը պատմէ:
Մամուլի տարուան առիթով «Գանձասար» Բացառիկի նախորդ համարի էջերուն մէջ հարցազրոյց զետեղուած էր թերթիս նախկին խմբագիրներուն հետ, լոյսին բերելու հիմնադրութեան օրերու մթնոլորտն ու թերթին հետագայ զարգացումներու տարբեր փուլերը:
Այս համարով լուսարձակի տակ կ’առնենք «Գանձասար»ի մանկապատանեկան ներդիրը՝ «Կկու»ն, եւ քանի մը հարցում կ’ուղղենք «Կկու»ի խմբագիր Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանին:
«Գանձասար».- Ո՞ր թուականին հիմնուեցաւ «Գանձասար»ի «Կկու» մանկապատանեկան ներդիրը եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր:
Ռիթա Կաղեան.- «Գանձասար»ը որպէս Բերիոյ Հայոց Թեմի շաբաթական հերթականութեամբ հրատարակուող պաշտօնաթերթ, իր մէջ ներառած է բոլոր մարզերէն բաժիններ, ինչպէս քաղաքական, գաղութային, Սուրիոյ հայ համայնքներու լուրեր, մարզական, կնոջական, եւ մանկապատանեկան նկատի առած, որ երեխաները կը հետեւին միայն դպրոցի դասաւանդուած գիրքերուն, որոնց պար-տաւորութեան մօտեցում ունին: Հետեւաբար հարկ էր, որ հայ աշակերտը ունենար էջ մը, զոր որպէս ժամանց ընթերցէր, գիտելիքներ ամբարէր, իր հայերէնը բարելաւէր, ազգային պատմութեան ծանօթանար եւ մամուլին մօտ զգար: Անպայման պէտք էր աշակերտին հետաքրքրութիւնը գրաւող բաժին մը ըլլար:
«Գ.».- Տիկ. Ռիթա, ո՞ր թուականէն սկսեալ ստանձնած էք «Կկու»ի խմբագրութիւնը եւ մինչեւ օրս ի՞նչ նորութիւններ բերիք ման-կապատանեկան ներդիրին բովանդակութեան եւ մատուցման իմաստներով:
Ռ.Կ.- 1997-էն ստանձնած եմ «Կկու» մանկապատանեկան ներդիրի խմբագրութիւնը: Օրուան խմբագիրը պրն. Խաժակ Մկրտիչեանն էր: Գործի առաջարկը ինծի համար անակընկալ էր, նկատի առած, որ ես դիմում չէի կատարած նախօրօք: Նախորդ «Կկու»ի խմբագիր տիկ. Այտա Մինասեանի ճամբորդութեան պատճառով հրաւիրուեցայ գործի: Երկմտանքով ընդունեցի առաջարկը, պահ մը մտավախութիւն ունեցայ, թէ պիտի կրնա՞մ այս պատասխանատուութիւնը շալկել, սակայն խմբագիրին քաջալերական խօսքերը ինծի ուժ տուին ու սկսայ աշխատանքի:
Խմաբագիրին օրուան մտահոգութիւնը այն էր, որ «Կկու»ն չպարունակէ պարզապէս փոքրիկներուն մանկական ներաշխարհը թափանցող գրութիւններ ու ժամանց, այլ ըլլայ անոնց դպրոցական դասագիրքերը ամբողջացնող օղակ մը, անդրադառնայ ազգային տօներու եւ հայոց պատմութեան դէպքերու, այսինքն՝ մանկական մակարդակէն աստիճան մը բարձրանալով ունենայ մանկապատանեկան բնոյթ: Հակառակ որ, երբ կկու բառը կը լսենք, զուտ մանկական ըլլալը կ’ենթադրենք, սակայն այդպէս չէ իրականութիւնը, անոր թիւերուն մէջ տեղադրուած նիւթերը կը հետաքրքրեն մեծերն ալ: Մանկականէն մանկապատանեկանի վերածելը նորութիւն մըն էր, այս ուղին բռնեցինք ու յաջողեցանք:
«Գ.».- Նիւթերու ընտրութիւնը ի՞նչի հիման վրայ կը կատարէք:
Ռ.Կ.- Ազգային, կրօնական տօներ, որոնց անկարելի է չանդրադառնալ օրին ու բացատրութիւն չտալ, ընդհանուր զարգացման գիտելիքներ, որոնց ներկայացման ձեւը կը փոխուի մերթ ընդ մերթ, երբեմն «դուն հարցուր, «Կկու»ն թող պատասխանէ», երբեմն՝ հարց-պատասխանի եւ այլ ձեւերով: Ունինք «անհաւատալի, բայց իրաւ» վերնագրով, բաժին մը, որ շատ կը հետաքրքրէ պզտիկները: Այս բաժինին մէջ կ’անդրադառնանք աշխարհի զանազան նորութիւններու, լուրերու, որոնք անահաւատալի են, բայց եւ պատահած են: «պատմեմ, լսէ» բաժինին մէջ պատմուածքի տիպարները կ’ըլլան իսկական, մեր առօրեայէն առնուած, անոր մէջ կ’ըլլայ դաստիարակիչ նամակ մը, մատնա-նշելով երեւոյթ մը: Բաժին մըն ալ  ունինք կենդանական աշխարհի մասին, որ շատ կը հետաքրքրէ մանուկները: Իրենց համար այդ աշխարհին գաղտնիքները բացայայտելը մեծ ուրախութիւն է: Ունինք հեքիաթներ՝ հայկական կամ համաշխարհային գրականութենէն, երբեմն ալ հայոց պատմութենէն դէպքեր հեքիաթի ձեւով կը ներկայացուին: Երեխաներուն ալ տրամադրուած է բաժին մը, որուն մէջ կը տեղադրուին անոնց գրութիւնները, գծագրութիւնները կամ նոյնիսկ ինքնաշխատութիւնները (օրինակ՝ անոնց քաղած գիտելիքները), որոնք կրնան ուղարկել մեզի իրենց դպրոցին կամ անձնական միջոցներով: Այս բաժինը մեծ դեր ունի աշակերտին ձիրքերը  խթանելու իմաստով՝ ըլլայ շարադրական, գծագրական կամ այլ կարողութիւններ: Մեր նիւթերը միշտ կարճ-կարճ կը ներկայացնենք, որպէսզի փոքրիկին զզուելի չթուին: Տեւաբար կը փորձեմ, որ անոնք ըլլան ո՛չ շատ պարզ, ոչ ալ բարդ, որովհետեւ լաւապէս կը հասկնանք փոքրիկին ներաշխարհը, գիտենք որ պզտիկը միայն ընթերցանութեան կարիքը չէ որ ունի, այլ նաեւ խաղերու: Խաղերու եւ հեքիաթներու բաժինները շատ եզակի պարագաներու  լոյս չեն տեսներ: Մտային, թուաբանական, բառապաշար զարգացնելու «գտնել հոմանիշ, հականիշ», դիւրին խաչբառեր, միացնել, գունաւորել եւ այլ ժամանցի խաղերով լեցուն բաժինին մեր փոքրիկ հետեւողը անհամբեր կը սպասէ:
«Կկու»ն ունի նաեւ իր առցանց տարբե-րակը, որ կ’ըլլայ գունաւոր ու համացանցի վրայ տրամադրելի: Մանուկը կամ ծնողքը կրնան դիւրութեամբ ընթերցել  զայն, իսկ եթէ փոքրիկը գրութիւն ունի այդ թիւին մէջ, աւելի մեծ հետաքրքրութեամբ կ’ընթերցէ: Ներկայ սերունդը փոխուած է, ոմանք կը նախընտրեն առցանց տարբերակը, սակայն ես կը նախնտրեմ տպագիր թերթը: Հայերէն թերթը պէտք է մտնէ ամէն հայ տուն:
«Գ.».- Էջերուն տեսքը, գոյները եւ ձեւաւորումը մեծ դեր ունին փոքրիկ ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւելու մէջ: Որո՞նք եղած են «Կկու»ի գծագրիչները, ձեւաւորողները եւ ինչպէ՞ս կ’ընթանայ աշխատանքը ձեր եւ ձեւաւորողին միջեւ: 
Ռ.Կ.- Իմ աշխատանքի 22 տարիներուն ընթացքին հետս աշխատած են զանազան ձեւաւորող-գծագրողներ՝ Վրէժ Քասունի, Ծովակ Պաղտասարեան, Դալար Արուս, Սաղաթէլ Պասիլ, Գաբօ Պէրպէրեան, Յովհաննէս Փամփալեան ու ներկայիս՝ Ռաֆֆի Քէշիշեան: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր տեսակին մէջ նորութիւն մը բերած է, բոլորն ալ սիրայօժար աշխատած են, ու ստիպուած դադրած են գործէն՝ ճամբորդութեան պատճառով:
Գծագրութիւնն ու ձեւաւորումը երբ փո-խուին ու միօրինակութենէն դուրս ելլեն, աւելի կը գրաւեն մանուկներն  ու պատանիները: Յատկանշական է այն գծագրիչը, որ հեք- իաթները իր տիպարներով կը գծէ: Կարելի չէ, որ հայկական հեքիաթի մը տիպարները ներկայացուած չըլլան հայկական տարազներով, շատ ուշադիր կ’ըլլանք որ կերպարը պահէ իր բնոյթը եւ ոչ թէ մեր պատմական տիպարները ներկայացուին օտարազգի կերպարանքով: Վերջին շրջանին կ’աշխատակցիմ Ռաֆֆիին հետ, որ թէ՛ գծագրիչն է, թէ՛ «Կկու»ի ձեւաւորողը: Ան աշխատասէր, նախաձեռնող ու հետեւող է, նոր միտքեր ունի: Մեր կապերը սերտ են ու միշտ կը խորհրդակցինք՝ աշխատանքին մէջ նորութիւններ մուծելու  համար: Իսկ աշխատանքի ընթացքը հետեւեալն է՝ ես 15 օր առաջ գծագրիչին կը ղրկեմ  գրաշարուած պատրաստ նիւթերը, որոնց հիման վրայ ան կը պատրաստէ յարմար, գրաւիչ ձեւաւորում ու գծագրութիւններ: Տեւաբար նախօրօք պատրաստ կ’ըլլայ մեր մանկապատանեկան էջը, չէ եղած «Գանձասար»ի թիւ մը, որուն հետ չըլլայ «Կկու»ն:  Նոյնիսկ պատերազմի շրջանին, երբ  5 տարի ճամբորդ էի, ամիսներ առաջ կ’ուղարկէի թիւերը համացանցի դժուարութեան հետ մէկտեղ: «Կկու»ն շաբաթ մը իսկ չդադրեցաւ հրատարակուելէ:
«Գ.».- Ի՞նչ միջոցներու կը դիմէք ընթերցանութիւնը քաջալերելու եւ փոքրիկներուն համար  աւելի հաճելի դարձնելու համար:
Ռ.Կ.- Երբեմն հեքիաթները անաւարտ կը ձգենք, որպէսզի ընթերցողը ինք պրպտէ անոր աղբիւրը, կամ իր երեւակայութիւնը շարժէ: Կը կազմակերպենք հարց-պատասխանի մրցումներ, որոնք նոյնպէս կը մղեն պրպտելու, մենք հարցումները կը տպենք մեր թիւով, աշակերտներն ալ պատասխանները կ’ուղարկեն խմբագրատուն եւ աւարտին պարգեւատրում տեղի կ’ունենայ: Շրջան մը նոյնպէս մրցոյթ յայտարարեցինք որոշ քանակ մը «Կկու»ի թիւեր հաւաքող ընթերցողներու: Խմբային ընթերցանութեան հաւաք  կազմակերպեցինք: Նպատակ ունէինք խմբագրատան մէջ մանկական գրադարան մը հիմնել՝ գրական, գիտական աշխարհագրական եւ զանազան թեմաներով գիրքերու, որպէսզի պզտիկը այստեղ գայ կարդայ ու նաեւ իր ընթերցածը փորձէ վերապատմել, համադրել, գրի առնել: Դժբախտաբար այս չիրականացաւ, քաղաքի պայմաններուն, մեր խմբագրատան հեռաւորութեան եւ աշակերտներու ու ծնողներու բազմազբաղութեան պատճառով:
Աշակերտին գրութիւնը «Կկու»ին մէջ հրատարակելով արդէն իսկ քաջալերած կ’ըլլանք զինք, որովհետեւ ինք կը զգայ, թէ ինք ալ կարելիութիւն ունի մանկապատանեկան ներդիրին բաժին մը բերելու եւ կ’ուրախանայ յատկապէս, երբ իր յղած գրութիւնը, գծագրութիւնը իր անունով ու լուսանկարով լոյս տեսնէ:
«Գ.».- Ներկայիս «Կկու»ն  ո՞րքանով հետաքրքրութիւն ստեղծած է մանուկներուն մօտ:  «Կկու»ն ո՞րքանով  կը հասնի իր նպատակին:
Ռ.Կ.- Աշխատանքը առ աւելի իր նպատակին հասցնելու համար մեծ դեր ունին դպրոցներն ու ուսուցչուհիները: Դասապահու ընթացքին կարճ բաժին մը ընթերցելով աշակերտներուն մէջ փափաք կ’արթննայ ընթերցանութեան: Երբ աշակերտներէս կը լսեմ՝ «Օրիո՛րդ, ես պահած եմ «Կկու»ին բոլոր թիւերը ու անոնցմով գրքոյկ կազմած եմ», «Երբ որ «Գանձասար»ը գայ ես անմիջապէս «Կկու»ն կը յափշտակեմ մէջէն», «Դասախօսութիւն պատրաստելու համար «Կկու» ի թիւերէն կ’օգտուիմ» արտայայտութիւնները, կը նշանակէ, որ իրենք հետաքրքուած են թերթով, ու մանկապատանեկան էջը կը ծառայէ իրենց որպէս աղբիւր, նկատի առած, որ ամէն տեսակի նիւթ կայ անոր մէջ: Անցեալին «Կկու»ն «Գանձասար»ի էջերուն մաս կը կազմէր, խմբագրութիւնը անջատեց զայն, եւ սկսաւ հրատարակուիլ որպէս ներդիր, որպէսզի փոքրիկը կարենայ ինք իր թերթը առնել, մօտը պահել եւ չստիպուի սպասել ծնողքին թերթի ընթերցանութիւնը աւարտելուն:
Իսկ «Կկու» Բացառիկը յատուկ տեղ ունի մեր փոքրիկ ընթերցողին մօտ, որովհետեւ ան գունաւոր գրքոյկ է, իր նիւթերէն զատ հոն լոյս կը տեսնեն հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն Ամանորի առիթով Կաղանդ Պապային նամակները: Անթիւ, անհամար նամակներ կը ստանանք Կաղանդին, կարելիութիւն չունինք բոլորը Բացառիկով հրատարակելու եւ աշակերտ մը չնեղացնելու համար Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներուն ընթացքին կը տպենք զանոնք «Կկու»ի ընթացիկ թիւերով:
Միութիւններու, ակումբներու մէջ մամուլի ընթերցանութիւնը երբ քաջալերուի, մեր ներդիրն ալ աւելի մեծ թիւով ընթերցողներու կը հասնի:
«Գ.».- Հետաքրքրական դէպք մը պատահա՞ծ է ձեր աշխատանքի ընթացքին, որմով կ’ուզէք փակել մեր զրոյցը: 
Ռ.Կ.- Տագնապին Լաթաքիա մեկնելէս ետք, տեղւոյն Ազգ. Նահատակաց վարժարանը դասաւանդութեանս սկիզբը, երբ ուսուցչուհիին հետ դասարան մտայ, զիս ծանօթացնելով աշակերտներուն հարցուց՝ «Գիտէ՞ք ով կ’ըլլայ»: «Այո, օրիո՛րդ, «Կկու» պատրաստողն է», ըսին: Աշակերտներէն մէկը ոգեւորուած արձագանգեց՝ «Ամա՜, «Կկու»ին մաման եկեր է մեր քով»: Ուսուցչուհին խնդաց ըսելով՝ «Ինչպէ՞ս թէ «Կկու»ին մաման», աշակետը պատասխանելով ըսաւ, թէ ինչպէս իր մայրը տունը կարկանդակ կը պատրաստէ, նոյնպէս ալ այս մաման «Կկու» կը պատրաստէ: Մանկական անմեղ արտայտութիւն մը, որ չեմ մոռնար:
Հաճելի դէպք մը եւս պատահած է Հալէպի վարժարաններէն մէկուն մէջ դասաւանդած շրջանիս: Վեցերորդ  կարգի դասս մամուլի մասին էր: Մէկ օր առաջ տպարան այցելած էինք  (տպարան այցելութիւնն ու ականատես ըլլալը, մանաւանդ «Կկու»ի տպագրութեան, շատ կը քաջալերէ թերթին ընթերցումը): Յաջորդ պահը տրամադրած էի մամուլի ընթերցանութեան: «Գանձասար»ի եւ «Կկու»ի զանազան թիւեր բաժնեցի անոնց ու սկսանք բաժիններ ընթերցել անոնցմէ: Մանկապատանեկանը ընթերցած պահուն աշակերտներէն մէկը «Կկուի»ին էջին վարը անունս կարդալով ըսաւ՝ «Օրիո՛րդ, ձեր անունը հոս տպուած է», ուրիշ մը պատասխանեց՝ «Հապա, չե՞ս գիտեր, «Կկու»ն մեր օրիորդը կը պատրաստէ», «Օրիո՛րդ, դուք ամէն օր դպրոցն էք, ինչպէ՞ս կը հասնիք պատրաստելու այս ամէնը»: Անոնց պատկերացումով դուն այս գործը կատարելու համար առտուընէ իրիկուն պէտք է ժամանակ տրամադրես: «Օրիո՛րդ, այսքան նիւթ ինչպէ՞ս կը հաւաքէք, դադար չունի՞ք…»:
Իմ ուսուցչուհի ըլլալս կ’օգնէ առ աւելի հասկնալու իրենց հոգեբանութիւնը, գիտնալու դժուարութիւնները, նախասիրութիւնները, լսելու անոնց առաջարկները եւ զրուցելու ծնողներուն հետ այս կէտերուն շուրջ:
Կեանքիս կէսը այս գործին մէջ անցուցած եմ, հաճոյքով կատարած ու փորձած եմ կապ պահել նորութիւններուն հետ: Յոյսով եմ որ ինծի յաջորդող խմբագիրներն ալ կը նպաստեն «Կկու»ի վերելքին:
Հարցազրոյցը վարեց
Սեւանայ Հալլաճեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2020»