Չորեքշաբթի, 13 Յունուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ գիշերուան ժամը 1:10-ին, Իսրայէլեան անօդաչու սարքեր թիրախ դարձուցին սուրիական Տէր Զօր եւ Պուքամալ քաղաքները:
Յիշենք, որ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Իսրայէլ յաճախ կը ռմբակոծէր սուրիական տարածքնեդ, աջակից դառնալով զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ին, սակայն սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը անմիջապէս դէմ կը դնէին յարձակումին եւ վար կ’առնէին արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը: