Անսխալական մարդ կա՞յ միթէ: Ամէն մարդ կը սխալի: Մտերիմ ընկերներ, սակայն, երբեմն իրարմէ կը հեռանան, իրարու հետ չեն խօսիր, նոյնիսկ իրար վատաբանել կը սկսին իրենցմէ մէկուն սխալելուն պարագային։ Միշտ կը հարցնէի այդպիսի կացութեան մէջ յայտնուողներուն, թէ ինչո՞ւ իրարմէ կը նեղուիք: Ու անոնք կը սկսէին զիրար մեղադրել: Ոչ ոք կ’ընդունէր իր սխալած ըլլալը եւ ոչ ոք կը փորձէր ներողամիտ ըլլալ։
Ու ես կը մտածէի, թէ երկար տարիներու ընկերներ, օրե՜ր, ժամե՜ր միասին անցուցած բարեկամներ, որոնք յաճախ իրարու կ’օգնէին, նեղ պայմաններու մէջ միշտ կողք-կողքի էին, սխալի մը համար մէկընդմիշտ կը հեռանա՞ն իրարմէ։ Հաւանաբար բնական է կարճ ժամանակ մը հեռանալը, բայց կ’արժէ՞ յարաբերութիւնները խզելը…: Այսպիսի մտմտուքներու մէջ էի, երբ նոյնանման դէպք մը ինծի հետ ալ պատահեցաւ։ Իմ հարցը, սակայն, անհատի հետ չէր, այդ էր տարբերութիւնը։
Ըսեմ, որ ընդհանրապէս համոզիչ չեմ գտներ սխալողը պատժելը: Ոչ ոք գիտակցաբար սխալ կը գործէ, այս պատճառով ալ պատիժը չի կրնար մարդուն վարքը ուղղել: Անարդարութեամբ կը վարուին մարդիկ նոյնիսկ ոմանց վարքն ու բարքը քննադատելով: Անարդար է մեր միջավայրը… Ոմանք ընդհանրապէս վատ վարուելակերպ կ’ունենան, բայց եւ այնպէս ի՜նչ հանգիստ կ’անցընեն իրենց կեանքը, ո՛չ կը տագնապին, ո՛չ կ’այպանուին, ոչ ալ կը պատժուին իրենց վարքին ու բարքին համար՝ ընկերային թէ միութենական կեանքի մէջ: Ուրիշներ կը փորձեն իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնել ուրիշին, կ’աշխատին, կը վազվզեն իրենց ընկերներուն եւ միջավայրին անհրաժեշտ կարիքները հոգալու համար: Այսպիսիները եթէ յանկարծ անզգալաբար սխալին, ամէնէն աններելի մեղքը գործած կ’ըլլան, որովհետեւ պատնէշի վրայ են, իրենց իւրաքանչիւր քայլը երեւելի է, պարզ են, անկեղծ ու անմիջական իրենց յարաբերութիւններուն մէջ։ Ու մեղայ քեզ, Տէ՜ր, ողջ հալէպահայութիւնը, ծանօթ թէ անծանօթ պարտականութիւն կը ստանձնէ այպանելու զիրենք: Ու բամբասանքի շարահիւսութիւն մը ընթացք կ’առնէ եւ օրէ-օր ձիւնագնդակի նման կը մեծնայ…. վա՜յ սխալողին. նոյնիսկ մտերիմ ընկերներ կը հեռանան իրենցմէ, առանց յիշելու անոնց բարիքները, դրական յատկութիւնները, ու կը դառնան ոխակալ:
Արդեօ՞ք  այսպիսի վարմունքը ինքնին սխալ չէ, աւելի մեծ սխալ: Ինչպէ՞ս կարելի է դատել անձ մը, առանց տրամաբանելու, առանց անոր դրական յատկութիւնները յիշելու: Անսխալական անձ կա՞յ միթէ, ո՞վ զո՞վ կը դատէ կամ դատելու իրաւունք ունի ուրեմն:  Որքան կը փափաքէի, որ առողջ ըլլար մեր միջավայրը, ու իւրաքանչիւրս նախքան ուրիշը դատելը մտածէինք, որ ամէն մարդ կը սխալի, իսկ աշխատողը աւելի սխալական է քան անգործ նստողը, ուրիշներու թերութիւնները խոշորացոյցի տակ առնողը: Մատնանշենք ուրեմն մէկս միւսին սխալը՝ սրբագրելու, ոչ թէ մեր ընկերը նսեմացնելու միտումով: Դառնանք շինիչ լուծումներ առաջարկող քննադատներ, որպէսզի ունենանք անկեղծ միջավայր ու զիրար քաջալերենք։
 Անժելա Չաղլասեան