Պատկանելիութեան իմաստը շփոթ յառաջացուցած է ոմանց մօտ։ Պատկանիլ բանի մը, կողմի մը, մարմինի մը, միութեան մը՝ անոր ծառայել, հանրօգուտ աշխատանքի մը նուիրուիլ կը նշանակէ։ Ո՛չ տասը ձմերուկ շալկող բանջարավաճառի մոլորուն վիճակին մատնուիլ, ոչ ալ պետական պաշտօնեայի պէս գոռոզանալ ու այլոցմէ զանազանուիլ կը նշանակէ։
Պատկանելիութիւն ունենալով մէկտեղ տասը-տասնհինգ պաշտօն միանգամայն ստանձնելը նոպէլեան մրցանակի պիտի չարժանացնէ ծառայողը։  Ան պարտաւոր պիտի չըլլայ փոխելու քալուածքը, ձայնն ու նայուածքը։ Պատկանելիութիւնը ո՛չ լիազօրութիւն կու տայ, ոչ ալ պարծենկոտ դառնալու, աջին ձախին բարձրէն նայելու իրաւունք։
Այս անմտութեամբ գործողներն են, որ յառաջացուցած են պատկանելիութեան մասին թիւրըմբռնում եւ աստիճանաբար անտեղեակ մարդոց մօտ համոզում դարձուցած, որ միայն  պատկանելիութիւն ունենալով կարելի է փառունակ ազգային դառնալ։
Փաստօրէն սխալը սխալի ծնունդ տուած  է։ Իրականութեան մէջ պատկանելիութիւնը պարզապէս ծառայութեան պէտք է մղէ, գիտակցական ծառայութեան, որ կը հարստացնէ ընկերութիւնը, կը նպաստէ ապահովելու հաւաքական, ո՛չ թէ անձնական շահեր։ Ուրեմն պատկանելիութեամբ լիազօրութիւններ ունենալու յաւակնութիւն ունեցողները համեստ թող ըլլան ու չսայթաքին։ Անոնք անտեղի թող չբարձրացնեն իրենց ձայնը, չհրամայեն, կարծիք չպարտադրեն, որովհետեւ կոչուած են ծառայելու նպատակներուն իրենց միութեան, մարմինին եւ այն կողմին, որուն որոշած են պատկանիլ, կամ բախտը իրենց շնորհած է այդ պատիւը։
Այսպիսիները կրնան բուժուիլ պարզ ու մատչելի միջոցներով՝ մեր բանաստեղծներուն գոհարները ընթերցելով եւ զանոնք որպէս դեղագիր ընդունելով։ Մեծարենցի «Տո՜ւր Ինծի, Տէ՛ր» խորիմաստ քերթուածը, զորօրինակ, պատուաստի դեր կրնայ ունենալ, եթէ նախքան հիւանդութիւնը կամ անոր ընթացքին ընթերցուի օրական երկու անգամ, նախաճաշէն եւ ճաշէն առաջ, բաց միտքով ու դատարկ ստամոքսով։ Այս համաճարակով վարակուածները աղօթելով կրնան Աստուծմէ խնդրել, որ  անանձնական ուրախութեան զգացումը շնորհէ իրենց, որպէսզի խաւարամտութիւն տարածելու փոխարէն, Ճրագներու պէս լուսաւորեն խաւարին մէջ ամէն երդ ու խրճիթներ:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Ծաղիկներու պէս զայն ժողուեմ ճամբուս վրան՝
Նայուածքներուն մէջ ամէնուն եւ ամէն օր:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Եւ ես հանգոյն երփնալուցկի վառուող մանկան՝
Զայն գունաժպիտ տեսնեմ ուրիշ դէմքի մը վրան:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Զանգակներու պէս զայն կախեմ ամէն դըրան՝
Ու զերթ նարօտ ամէն դրան զայն պսակեմ:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Ճրագներու պէս զայն բոցեմ բազմաստեղեան՝
Խաւարին մէջ ամէն երդ ու խրճիթներու:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Զայն սրբասաց իմ հոգեակիս ընեմ խորան՝
Զայն իմ մտքիս ծըխեմ, զերթ խունկ բազմաբուրեան:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Ու չըլլայ որ ուրիշներու կոծն ու կական՝
Խեղդել ուզեմ ջըրվէժին մէջ դափիս ձայնին:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Ու չըլլայ որ ծափիս ձայնին երգը գուժկան՝
Եսիս սենեակն ունենայ ցուրտ առանձնարան:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Ու սեղանիս վըրայ դրուած մէն մի նըկան՝
Զոյգ մը խինդեր գէթ ունենայ թող խաչանիշ:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Ու բախեմ զայն սրտիս ժայռին՝ իբրեւ մական,
Որ բխեցնէ ջուրն աներկմիտ երանութեան:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Զայն ջուրերուն վրայ ձգեմ իբրեւ ուռկան,
Զայն իբր արօր ակօսներուն ձըգեմ վըրան:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Զայն իբրեւ անձրեւ ցօղեմ ամէն դաշտի վըրան,
Զայն իբրեւ արեւ բաշխեմ ամէն հորիզոնի:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Զայն ընդգրկուած իտէալին ըլլամ սրսկան,
Զայն լաստ ըրած՝ ես լոյսերու Նաւորդն ըլլամ:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Ժողուել հոգւոյն մէջ՝ ծերերուն, կոյսին, մանկան,
Պարզ մարդերուն՝ գեղջուկներուն ու բանուորին:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական
Ժողուել հոգւոյն մէջ ամէնուն, համայնական,
Հոգւոյն ամէն մասնիկներուն մէջ՝ ամէն ժամ:
Ճամբաներէ՜ն, ու գետերէ՜ն, ու դաշտերէ՜ն,
Անտառներէ՜ն, ու լեռներէ՜ն, ու ձորերէ՜ն,
Տանիքներէ՜ն, ու տուներէ՜ն, ու դուռներէ՜ն՝
Տո՜ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական:
Փշակն