2020-ի գարնան Նախիջեւանի մէջ թուրք-ազերիական զինուորական մարզումները, զրահամեքենաներու եւ զինուորական օդանաւերու կուտակումերը ակնյայտ կը դարձնէին Արցախի ու Հայաստանի դէմ ծրագրուող յարձակումը, սակայն  ակնկալուող յարձակումէն զգուշացնող քաղաքական ուժերու ահազանգերը նախապատրաստումի չէին մղեր հայկական կողմը՝ Արցախի թէ Հայաստանի մէջ։
Այսօր, նոյն զինուորական մարզումները տեղի կունենան Կարսի մէջ, Հայաստանի ու Արցախի պատերազմէն պարտուած դուրս գալէն ետք, կօգտագործուի նոյնիսկ Հայաստանի անմիջական սահմանին երկինքը, եւ տակաւին մեր հայրենիքի անվտանգութիւնը ամրագրելու գործնական ոչ մէկ քայլ կ’երեւի։
Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական ուժերու վերադասաւորում տեղի կ’ունենայ, սահմաններ փոփոխութեան ենթարկելու ճիգեր կ’երեւին, աշխարհաքաղաքական շահերու բախման թնճուկին մէջ մեր երկրին շահերը կը ստորադասուին, կրկին ահազանգեր կը հնչեն, սակայն վտանգին տարողութիւնը մեղմացնելու անկոտրում ճիգ մը ընդմիշտ գլուխ կը ցցէ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ։
Արցախի պետականութիւնը մէկընդմիշտ կորսնցնելու իրականութեան դէմ յանդիման կանգնած ենք, սակայն այս կորուստը մեղմացնելու եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան խարխլումը անտեսելու փորձ կը կատարուի, երբ Շուշիին դերն ու դիրքը կ’արհամարհուին երկրի վարչապետին կողմէ, փոխարէնը կը շեշտուի անոր անշուք քաղաք, կամ ազերիներով բնակուած ըլլալու թեզը, ու նկատի չեն առնուիր հայաթափումի, մշակութային մեր հետքերուն անհետացումի ազերիա-թրքական տարիներու յանցագործութիւնները Նախիջեւանէն մինչեւ Արցախ։
Այս պատերազմէն ետք մեր ժողովուրդը կորսնցուց ոչ միայն Արցախի հողերը, անոր հետեւանքով Արցախի պետականութեան յարատեւութեան երաշխիքը, այլեւ Հայաստանի անվտանգութեան եւ անկախութեան  երաշխիքները՝ ամբողջովին կախեալ դառնալով Ռուսիայէն եւ բաց ու անպաշտպան մնալով ազերիա-թրքական վտանգին դիմաց։
Մարդկային ու տարածքային կորուստներուն կողքին, ներքաղաքական կեանքի անկայուն վիճակը, քաղաքական ուժերը համախմբելու կամքին բացակայութիւնը, եւ տնտեսութեան ոչ յուսալի պատկերը աւելի խոցելի կը դարձնեն Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը։
ՀՀ Կառավարութիւնը մինչեւ ե՞րբ պիտի խուսափի խօսելէ կորուստներու իսկական տարողութեան, մեր հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն մասին եւ յանդգնութիւնը ունենայ լուծումներ առաջարկելու՝ համախմբելու ներքաղաքական ուժերը, հայկական աշխարհը, հայաստան-Արցախ-Սփիւռք իր իսկ քայքայած   միասնութիւնը վերականգնելու եւ գործի լծելու յանուն մեր ազգին ու Հայրենիքին գոյատեւման։
Այս անկայուն վիճակը յղի է նոր վտանգներով, զորս կանխելու համար շուտափոյթ քայլեր են անհրաժեշտ՝ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու։
Ուշանալը ի վնաս մեզի պիտի ըլլայ, իսկ սպառնալիքներուն ազդանշանները երեւելի են թէ՛ Կարսի մէջ, թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի սահմանին։
Հարաւային Կովկասի մէջ ձեւաւորուող աշխարհաքաղաքական ուժերու վերադասաւորման մէջ Հայաստանն ու Արցախը մեծ կարելիութիւններ չունին, հիմնականը հայկական մեր ներուժի շուտափոյթ մէկտեղոււմով գործի լծումն է, կանխելու մեր հայրենիքին անվտանգութեան համակարգին փլուզումը։
Հայ հասարակութիւնը իրազեկ պէտք է դառնայ հաւանական բոլոր սպառնալիքներուն, որպէսզի զգացական պոռթկումներէն ձերբազատի ու կարենայ համախմբուելու վճռակամութիւն դրսեւորել եւ  զօրացնել իր դիմադրողականութիւնը։
«Գ.»