Մեծ Պահոց օրերը աղօթքի, անդրադարձի, ինքնաքննութեան, ապաշխարութեան եւ բարեգործութեան հրաւիրող առիթներ են: Կարեւոր փուլ մը, որուն ընթացքին հոգեւոր կեանքին մօտենալու ճամբան կը հարթուի: Եկեղեցին պահեցողութիւնը ընդունած է որպէս բարեպաշտական սովորութիւն, որ ունի դաստիարակիչ յատկութիւն: Պահքը կիրքը սանձելու, պիղծ խորհուրդները մերժելու, չար ցանկութիւններէն հրաժարելու, Աստուծոյ երկիւղով ապրելու, եսակեդրոն ակնկալիքներէն հեռու մնալու, երկրաւոր մտահոգութիւնները մէկդի ձգելու եւ բարոյական արժէքներուն ուշադրութիւն դարձնելու առիթ է: Պահքով հոգին իր վեհ դիրքին հասնելու նպատակ կը հետապնդէ, մարմինը «քիչով գոհանալու» արուեստը կ՚որդեգրէ, կամքը տոկուն մնալու միջոցներուն կը դիմէ, լեզուն յարատեւ զուսպ ըլլալ կը փորձէ եւ խիղճը մեղքերը յիշելով Տիրոջ դառնալ կը վճռէ: Պահքին մասին խօսեցաւ մեր Տէրը Լերան Քարոզին մէջ: Ան պահեցողութիւնը նկատեց հաւատքի կեանքին անբաժան մասը, որ աղօթքով ու ողորմութեամբ կ՚ունենայ բարերար ազդեցութիւն: Պահքի մասին խորհրդածութիւններ կատարած են եկեղեցւոյ հայրերը եւ սուրբ գիրքի մեկնիչները: Սուրբերը պահեցողութեամբ ճգնած են: Անոնք փորձառաբար խօսած են պահքին մասին եւ ճաշակած են անոր քաղցր պտուղները: Մեղքին վատ հետեւանքները մտաբերելով խորապէս զղջացած են եւ արքայութեան հասցնող լուսաշող ճանապարհը ընտրած են: Յարութեան յաղթաբեր տօնը դիմաւորելու պատրաստող շրջանն է Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը: Մսեղէնի, կաթնեղէնի եւ ձկնեղէնի վերաբերող ուտելիքներէն կամ ճաշատեսակներէն կամովին հեռացողը եթէ աղօթքի եւ Աստուածաշունչի սերտողութեան ժամանակ չյատկացնէ, ի զուր պահք պահած կ՚ըլլայ: Այլ խօսքով` պահեցողութիւնը հոգեւոր խորք, բարեպաշտական ըմբռնում եւ աստուածահաճոյ հասկացողութիւն ունենալու է, եւ ոչ սովորական «սննդականոն» մը, որ չունի քրիստոնէական դրոշմ: Քրիստոս խստիւ այպանեց հպարտ եւ մեծամիտ Փարիսեցիներուն ընթացքը: Անոնք ձեւական կերպով ծոմ կը պահէին:
Մեր Տէրը ուսուցանեց ըսելով. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման…» (Մտ 6.16): Այս ճշմարտութիւնը ուշագրաւ ձեւով կը շեշտուի «Փարիսեցին եւ Մաքսաւորը» առակին մէջ: Փարիսեցին իր աղօթքին մէջ ըսաւ «Շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ», սակայն Յիսուս ըսաւ. «Մաքսաւորն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ոչ թէ Փարիսեցին» (Ղկ 18.14): Հետեւաբար, խոնարհաբար աղօթելը եւ պահք պահելը աստուածահաճոյ է: Մարդիկ յաճախ մոլութիւններու անձնատուր ըլլալով չեն կրնար հրաժարիլ իրենց վայելքներէն եւ զուարճալի պահերէն: Պահքը ճիգ մըն է, որուն ընդմէջէն մարմնաւորով սահմանափակուելու փոխարէն՝ հոգեւորին կը ձգտինք: Մարդիկ մարմնապէս առողջ մնալու համար կը հետեւին բժշկական որոշ կանոններու կամ սննդական կարգ մը օրէնքներու: Սա բնական է: Նոյնպէս ալ հոգիի առողջութեան համար հարկ է աղօթել, ապաշխարել, պահք պահել եւ անզբաղ միտքով Տիրոջ ծառայել: Մեծ Պահոց օրերուն Պսակի արարողութիւն տեղի չունենար, խորանին վարագոյը փակ կը մնայ, Ս. Հաղորդութիւն չի մատակարարուիր եւ եկեղեցւոյ արարողական կեանքը կը կեդրոնանայ ապաշխարութեան վրայ: Արեւագալի եւ Հսկումի ժամերգութիւնները այս իրողութիւնը լաւապէս կը բացայայտեն: Չարին դէմ պայքարելու զէնք է պահքը, համաձայն Քրիստոսի խօսքին թէ «Այս տեսակի չար ոգին միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կարելի է դուրս հանել» (Մտ 17.21): Քրիստոս նախքան քարոզութեան սկսիլը քառասուն օր «ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք‘ անօթեցաւ» (Մտ 4.2): Եկեղեցին մեկնելով այս իրողութենէն պահեցողութեան օրեր սահմանեց որպէս հոգեւոր վերանորոգման եւ հաւատքի ամրապնդման ընթացք։ Ուստի Քրիստոսի հետքերով պահեցողութեան խորհուրդը ամբողջական եւ վաւերական կը դառնայ։
Շատ ուտելիքը մարմինը կը ծանրացնէ, իսկ քիչ կարծուած մեղքը մարդս կորուստի կը մատնէ: Ճարպով ճաշը ստամոքսը կը վնասէ, իսկ «թեթեւ» համարուած յանցանքը նկարագիրը կը խաթարէ: Անօթի մնալը անօգուտ է եթէ աղօթքի հոգիով պաշտամունք չի մատուցուիր: Կերուխումէ դադրիլը հոգեշահ չէ եթէ չարին հետ մեր կապը չենք խզած: Առանց Քրիստոսի օրինակը մեր աչքերուն առջեւ ունենալու պահքը իր իմաստէն կը պարպուի:
Պահեցողութեան ժամանակ անիրաւութիւն գործելէ դադրիլը, ճակտի արդար քրտինքով շահիլը, մեր սեղանէն կարիքաւորին բաժին հանելը, հարստահարութենէ զգուշանալը եւ հիւրասէր ըլլալը սուրբ գրային պատուէր է: Այս մասին մանրամասն կը կարդանք Եսայի մարգարէութեան 58-րդ գլխուն մէջ: Պահքի մասին խօսելով սուրբ Իսահակ Ասորի կ՚ըսէ. «Պահքը բոլոր առաքինութիւններուն առաջինն է: Ան պատերազմին սկիզբն է, յաղթանակի թագն է, կուսութեան գեղեցկութիւնն է, ժուժկալութեան պահապանն է, աղօթքի նախահայրն է, հանդարտութեան աղբիւրն է, լռութեան դաստիարակն է եւ բարութեան աւետիսն է»: Ի վերջոյ ապաշխարութեան հետ սերտ առնչութիւն ունի պահքը: Ասոր հարազատ պատկերը կը տեսնենք երբ Նինուէացիները հաւաքաբար Տիրոջ դարձի գալու պատրաստուեցան ծոմապահութեամբ (Տես Յով 3.7):
Պահքը Հոգեւոր ապրումներու եւ բարեպաշտական զգացումներու ազդու միջոց դարձած է: Աստուածային գրաւոր պատուիրանները ստանալու համար Մովսէս մարգարէ քառասուն օր ծոմ պահեց եւ այդպիսով Տիրոջմէ առաւ տասնաբանեան (Տես Ելից 34.28): Այստեղ հաւատքի մարդուն անհատական կեցուածքն է, որ ցոյց կու տայ Տիրոջ անմիջական ներկայութեան իր ցանկութիւնը եւ ուխտին խօսքերը երկիւղով ընդունելու պատրաստակամութիւնը:
Ծոմապահութիւնը ուտելէ դադրիլ է, այլ՝ խօսքով կամաւոր անօթութիւն: Իսկ պահեցողութիւնը որոշ ժամանակ մը միս եւ իւղ պարունակող ճաշերէն դադրիլն է, այսինքն բուսական ուտելիքով բաւարարուիլը: Միս ուտելու սովորութիւնը սկիզբ առաւ Նոյ նահապետի օրերուն, երբ Տէր Աստուած ջրհեղեղէն ետք ուխտ հաստատեց եւ ըսաւ.«Ամէն շարժուն կենդանի թող ձեզի կերակուր ըլլայ: Ամէնը ձեզի բանջարի պէս տուի» (Ծնն 9.3): Մեծ պահքով հաւատացեալը անմեղութեամբ եւ պարզութեամբ ապրելու պէտք է ձգտի: Մարդը իր մեղքերուն պատճառով կորսնցուց իր երանական վիճակը եւ պատուական դիրքը:
Մեծ պահքով ետ դարձի ճամբան կը հարթուի: Կորսնցուցած մեր սըրբութիւնը վերագտնելու արթնութեան կանչը կը լսուի: Տիրոջ մօտենալու հրաշալի առիթը ամէնուն կ՚ընծայուի: Եկեղեցւոյ մեծագոյն տօնն է Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը: Տօն մը, որ կ՚ենթադրէ պատրաստութիւն: Ահաւասիկ այդ պատրաստութեան քաղցր հրաւէրը կը փոխանցուի մեզի Մեծ Պահոց օրերուն:
Եկէք Տէրը դիմաւորելու պատրաստուինք աղօթքով, զարդարուինք առաքինի վարքով, մեղքին դէմ պայքարինք Աստուծոյ խօսքով, չարը մերժենք հաստատուն հաւատքով եւ մեր քրիստոսապատկան ըլլալը արտայայտենք ջերմ սիրով:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան