Հայաստանի քաղաքական բեմը նոր փոթորիկներ կ՚ապրի քանի մը օրէ ի վեր, մէկ մասը՝ իբրեւ նորագոյն զարգացումներ նախընթացներու:
Խորհրդարանին մէջ, կառավարութեան ուղղուած հարցումներու իր պատասխանին մէջ, փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեան ի միջի այլոց յայտարարեց, թէ 9 Նոյեմբերի եւ 11 Յունուարի ծանօթ համաձայնագիրներէն բացի՝ այլ համաձայնագիր չէ ստորագրուած, կամ՝ եթէ ստորագրուած է, ինք տեղեակ չէ. յետոյ աւելցուց, որ կայ այլ պայմանաւորուածութիւն մըն ալ…
Մանրամասնութիւններու ծանօթ ենք, զանոնք թողունք մէկ կողմ: Նախ արձանագրենք, որ Աւինեանի այս խօսքերը բացայայտ ինքնահակասում կ՚արտայայտէին. «համաձայնագիր չկայ, պայմանաւորուածութիւն կայ…»: Եւ… փոթորիկը պայթեցաւ արդարօրէն: Ինչո՞ւ. որովհետեւ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը ստորագրած «վերին» իշխանաւորներ ո՛չ միայն բոլորէն, ներառեալ իրենց ամէնէն մօտիկ իրաւասու գործակիցներէն գաղտնի պահած էին զայն, այլ նաեւ շուտով բացայայտ դարձուցին, որ հրապարակուածէն զատ, կան այլ՝ բերանացի համաձայնութիւններ, որոնց հիմամբ, 9 Նոյեմբերի համաձայնագրով չնախատեսուած քայլեր առնուեցան եւ կ՚առնուին, բոլորն ալ ի վնաս Հայաստանի: Սա արդէն աւելի քան բաւարար պատճառ է, որ իշխանութեան հանդէպ վստահութեան ծառին բունը կացինի նոր հարուածներ ստանայ:
Յաջորդեցին այլ նորութիւններ: Յայտնապէս գաղտնի պահուող համաձայնութեան մասին ընդդիմադիրներու հարցապնդումներուն ի լուր՝ իշխանաւոր խմբակէն երեսփոխան մը հաստատեց, որ Գորիսէն Կապան տանող ճամբուն մէկ մասը կ՚անցնի… ատրպէյճանական հողերէ (ուշադրութի՜ւն. ալ չեն գործածուիր «ազերիական վերահսկողութեան տակ» բառերը), սակայն բաց է երթեւեկի առջեւ: Նախապէս իմացանք, որ այլ ճամբաներ ալ կը գտնուին ազերիական հսկողութեան տակ եւ հայ պահակներ ինքնաշարժներու վարորդներու կը թելադրեն զգուշաւորութեամբ երթեւեկել այդ ճամբէն, կանգ չառնել նշեալ հատուածին վրայ: Այլ խօսքով, «Հայաստանէն մէկ սանթիմ հող չզիջելու» հաւաստիքն ալ յօդս ցնդած է, եւ յիշեալ ճամբէն երթեւեկողը պէտք է ուրախ ըլլայ, որ ազերի «բարեկամները» ճամբան չեն փակեր (իսկ վա՞ղը…): Հիմա, ա՛լ մոռցուած են այն տարածքները, որոնք ազերիական «Ճի. Փի. Էս.»ներու շնորհիւ խլուած են սիւնեցիներէն, մոռցուած են անոնցմէ խլուած բնակարանները, արօտավայրերը, ապրուստի միջոցները (առածը կ՚ըսէ՝ «կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ». մեզի ի՞նչ…):
* * *
Յիշեալ զարգացումները՝ պատառիկներու խլում, ճամբու այս կամ այն հատուածի անապահով վիճակ եւ այլն, արդարօրէն կը մտահոգեն Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ ապահովութեան նախանձախընդիր որեւէ հայ: Սակայն, յարգելով հանդերձ այս արդար մտահոգութիւնները, անդրադառնանք, որ ասոնք կը նմանին կատուներու, բաղդատմամբ այն հսկայական հարցերուն, որոնք փիղէ եւ ընձուղտէ՛ ալ աւելի մեծ են եւ արդէն իսկ իրողապէս քշուած են լուսանցքի վրայ, անուղղակի ճիգ կ՚ըլլայ զանոնք դուրս հրելու մեր իրաւունքներուն պահանջատիրութեան դաշտէն:
Վերոյիշեալ «ընթացիկ» հարցերուն քննարկումը տեղի կ՚ունենայ այնպիսի տրամաբանութեամբ եւ հոգեվիճակով, որ կարծէք թէ արդէն մարսած ենք Արցախի մեծ մասին կորուստը, 44 օրուան պատերազմին մէջ գըլխաւոր տուժողի մեր դժբախտութիւնը, մանաւանդ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախայարձակ ըլլալուն, ահաբեկիչներ ռազմադաշտ բերած ըլլալնուն իրականութիւնները, արգիլեալ զէնքերու գործածութիւնը, տակաւին՝ պատերազմին դադրեցումէն աւելի քան 3 ամիս ետք, գերիներու եւ կորուսեալներու «հանգոյց»ին անլոյծ մնալը, Ատրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու «մասնավճարներով» ազատ արձակումի վատոգի խաղը, չարաշահումը: Մոռցած ենք, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան նոր աւարտեցին Կարսի շրջանին մէջ աւելի քան տասնօրեայ միացեալ ռազմափորձը, որմէ հնչած պատգամները յայտնապէս անցած են մեր իշխանութեան մարդոց գլուխներէն շատ բարձրերէն, ինչպէս եղաւ Սեպտեմբերին պայթած պատերազմը կանխած միւս ռազմափորձը, որուն դաշտ էր Նախիջեւանը:
Փաստօրէն, Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը, որ կը հաւաստէ, թէ ինք եւս ծանօթ չէ թէ Ատրպէյճանի հետ ծանօթ համաձայնագիրներէն այլ համաձանութիւններ կա՞ն, եւ հարցը ուսէն կը նետէ պաշտպանութեան նախարարութեան ուսերուն (կարծէք թէ բանալի նախարարները ըլլային տարբեր մոլորակայիններ), լռելեայն կերպով բացորոշ կը դարձնէ, թէ Արցախի կորուստը պէտք է վերջնականապէս կուլ տալ, աչք փակել Սիւնիքին ուղղուած ազերիական ախորժակներուն դիմաց, պատճառ չի տեսներ, որ Թուրքիա փակ պահէ Հայաստանի հետ սահմանը, ու նախարարութեան բանբերն ալ, (ի պատասխան Հայ Դատէն ու այլ տեղերէ հնչած մտահոգութեանց), կը փորձէ ճշդում տալ, թէ «նախարարին ըսածը այն չէր, այլ այս էր», մինչդեռ անոր խօսքերը արդէն փամփուշտի պէս արձակուած են եւ չեն կրնար ետ դառնալ հրացանի փողէն ներս…: Չէ՞ որ անդին, եռակողմանի բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Ատրպէյճանի հետ ճամբաներու, երկաթուղիներու բացման մասին, կը գրգռուին «պիզնէս ընելու» ախորժակները… (մանուկները երգ մը ունին. «Ծափիկ-ծափիկ ծիրանի…»):
* * *
Յստակացնենք: Անշո՛ւշտ որ ճամբաներու, սահմանամերձ հողերու խըլման, գերիներու եւ կորսուածներու-զոհերու հարցերը հրատապ են եւ պէտք է հետապնդուին բարձրագոյն պատասխանատուութեամբ եւ ամենայն լըրջութեամբ (եւ ո՛չ թէ, օրինակի համար, գերիներու եւ կորսուածներու ծնողները անպատասխան ձգելով, խուսափողականութեամբ, «ռուս խաղաղարարները կը զբաղին» չքմեղանքով), սակայն այդ մտահոգութիւնները չեն կրնար, պէտք չէ՛ մոռացութեան մատնեն միւս՝ վիթխարի հարցերը, մեզ ետ կանգնեցնեն Արցախի ու ՊԱՏՄԱԿԱՆՕՐԷՆ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ որեւէ հողամասի հանդէպ պահանջատիրութենէն:
Ի՛սկապէս: Ի՞նչ պէտք է հասկնանք, երբ կ՚ըսուի, թէ Դադիվանք երթալու համար պէտք է ազերիները արտօնութիւն տան, հրճուինք՝ որովհետեւ Ամարասի Կամ Շուշիի մէջ կարելի պիտի ըլլայ մերթ ընդ մերթ արարողութիւն մը կատարել, տակաւին՝ ազերիները (իբրեւ թէ) պիտի պահպանեն այս կամ այն յուշակոթողը, մշակութային ժառանգութիւնը, մինչդեռ անդին ականատես ենք կոթողներու եւ գերեզմանաքարերու քանդումին, նման այն ոճիրներուն, որոնց զոհ գացին Ջուղայի խաչքարեր…: Ինչպէ՞ս համոզուինք, որ յիշեալ վանքերը պիտի չմատնուին ճակատագիրին՝ Աղթամարի եկեղեցւոյ, ուր տարին անգամ մը արարողութիւն մը կատարելու առիթը հրճուանք կը պատճառէ ուխտաւորներու, մինչդեռ անդին, հայկական դարաւոր եկեղեցնիներ կը շարունակեն փոշիացուիլ, ջնջուիլ մեր ժառանգութիւններու քարտէզէն, եւ յետոյ ալ ըսենք, որ «Թուրքիա պատճառ չունի սահմանը փակ պահելու»: Իսկ մենք պահանջելու, իրաւունք ունի՞նք, ուրկէ՞ կը սկսին անոնք եւ ո՛ւր կը հասնին…
Այո՛. կատուները կարեւոր են, սակայն չենք կրնար մոռնալ ու անտեսել փիղերն ու ընձուղտները, գետաձիերն ու ռնգեղջիւրները: Նոյնքան կարեւոր է այն, որ պէտք է վերջ տանք անջրպետներով բաժնուած, կարծէք թէ տարբեր մոլորակներու վրայ ապրողներու տրամաբանութեան, որ իշխանաւորներու խմբակը կը բաժնէ ողջ հայութենէն:
Ս. Մահսերէճեան