Երեքշաբթի , 23 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ցաւակցագիր յղեց լիբանանցի հանգուցեալ մտաւորական եւ քաղաքական վերլուծաբան Անիս Նաքքաշի ընտանիքին, որ իր մահկանացուն կնքեց Երկուշաբթի, 22 Փետրուար 2021-ին Դամասկոսի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով։ Նախագահ Ասատ ըսաւ. «Իմ եւ համայն Սուրիոյ ժողովուրդին անունով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնենք եւ Տիրոջմէ կը խնդրենք, որ ուժ եւ համբերութիւն պարգեւէ ձեզի»։ Ասատ աւելցուց. «Հանգուցեալը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պայքարեցաւ տարածաշրջանի մէջ բռնատիրութեան դէմ։ Ան պաշտպանն էր արաբական դատերուն թէ՛ ֆիզիքապէս, եւ թէ մտովի։ Անիս Նաքքաշ պիտի մնայ արաբական յիշողութեան մէջ յարգելի եւ պատուաբեր անձնաւորութիւն մը, իսկ գալիք սերունդները իր կեանքի հարուստ պատմութենէն պիտի սորվին հայրենիքին պաշտպան դառնալու իմաստը»։ Ասատ եզրափակելով ըսաւ. «Եւ ինչպէս որ Դամասկոս հանգուցեալը հիւրընկալեց իր վերջին օրերուն, Սուրիոյ ժողովուրդն ալ մշտապէս վառ պիտի պահէ իր յիշատակը»։