Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2021-ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի պատկերասփիւրային կայանի մը հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ապահովական հարցերով հանդիպումներ տեղի ունեցան, սակայն ապարդիւն էին։ Ճաաֆարի յայտնեց, որ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ բռնագրաւած կը պահէ բազմաթիւ հողատարածքներ, որոնց տարածութիւնը Կոլանին տարածութեան կրկնապատիկէն աւելի է։ Ճաաֆարի շեշտեց, որ Թուրքիոյ կողմէ սուրիական հիւսիսային բաժինի բնակիչները ջրազուրկ պահելը դրացի երկրի ընթացք չէ։ «Սուրիոյ ժողովուրդը պատերազմի առաջին տարիներէն ահաւոր վնասեր կրեց եւ մինչեւ օրս կը կրէ Թուրքիայէն։ 2011-էն սկսեալ Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ լարուածութիւն յառաջացաւ, որովհետեւ Թուրքիան աջակցութիւն սկսաւ յայտնել Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն, ինչ որ պատճառ դարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու խզման։ Անգարան սուրիական զինեալ ընդդիմութեան աջակցող այն պետութիւններէն է, որոնք իրենց ուժերը եւ ռազմական կեդրոնները տեղադրած են Իտլիպի, Հալէպի արուարձանի եւ Եփրատի արեւելեան շրջանին մէջ», եզրափակեց Ճաաֆարի։