«Ապառաժ».-28 Մայիսին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման խորհրդանշական օրը կազմակերպուած էր երդման եւ խոստման արարողութիւն:  Տեղի  ունեցած է դաշնակցական Արտակ Իշխանեանի եւ իր ընկերներուն նահատակման վայրին մէջ, որ արդէն սրբավայր  դարձած է զանոնք  ճանչցողներուն համար:

Արարողութեան ընթացքին 7 նորագիրներ համալրած են ՀՅ Դաշնակցութեան, իսկ 5-ը` ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան շարքերը:

Երդման եւ խոստման արարողութեան կնքահայրը ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Սերկէյ Շահուերտեանն էր:

Արցախի ներկայ յետպատերազմեան դժուարին իրավիճակին ՀՅԴ շարքերու համալրումը վկայութիւն է առ այն, որ վերստին կ’ամրանայ հաւատքը ՀՅԴ-ի` որպէս երկրի ազգապահպան, միասնական Հայաստանի գաղափարով առաջնորդուող եւ ժողովուրդի ճակատագիրով մտահոգ միակ քաղաքական ուժ:

Միասնական եւ կարելի ուժերով կը շարունակուի պայքարը յանուն Հայաստանի եւ Արցախի յարատեւութեան: