«Հայաստան» դաշինքի յաղթարշաւի իններորդ օրը (15 Յունիս ) անցած է Արարատի մարզին մէջ: Քարոզարշաւը սկսած է Մասիս քաղաքի մէջ ընտրողներու հետ հանդիպումով, որու ընթացքին դաշինքի առաջնորդները պատասխանած են մասիսցիներուն յուզող հարցերուն:
Ընտրողներուն հետ հանդիպումներ եղած են նաեւ Աւշարի, Արարատի, Վետիի մէջ: Հարց ու պատասխանի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է մարզի գիւղատնտեսական հարցերուն, անոնց լուծումներուն: Արարատցիներուն կ’անհանգստացնէր ոռոգման ջուրի հարցը, գիւղմթերքի սպառման հարցը, անվտագութեան եւ կրթութեան ոլորտի հարցերը:
Քարոզարշաւի այս օրը իր աւարտին հասած է Աշտարակ քաղաքի հրապարակին մէջ հրաւիրուած բազմամարդ հանրահաւաքով:
Դիմելով հաւաքուած քաղաքացիներուն` «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց․ «Մեր թիւըը 24 է: Սա կը նշանակէ` աշխատիլ 24 ժամ: Ամսուան մէջ կայ 24 աշխատանքային օր, բայց ձեզի համար է: Մեզի համար աշխատանքային պիտի ըլլան 30 կամ 31 օր: Մենք պիտի ընենք ամէն ինչ ձեր կեանքը բարելաւելու համար»: