Հրատարակութիւնը իրականացած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան ու Ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ,Երեւանի Edith print հրատարակչատունէն: Ա. հատոր՝ 646 էջ, Բ. հատոր՝ 607 էջ: Աշխատասիրութեան խմբագիրը, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը պատրաստողն է՝ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գ. Եազճեան: Գիրքը ունի երկու մաս. Ա. մասը կը կոչուի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՏԵՂԱԲԱՇԽՄԱՆ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱԱՆ ԳՈՐԾԻՆ, որ գաղութի կազմաւորման եւ զարգացման ընդհանուր համապատկերին վրայ կրթութեան նուիրուած լայն ուսումնասիրութիւն մըն է (Ա. հատոր, էջ 19-381), Իսկ երկրորդ մասը՝ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐ ԵՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐ, ուր 18 աշխարհագրական շրջանակներու մէջ հանրագիտարանային տուեալներով կը ներկայացուին շուրջ 100 բնակավայրերու մէջ գործած ու գործող աւելի քան 240 ամէնօրեայ վարժարաններ՝ յիշատակելով նաեւ տուեալ շրջանակին մէջ գործող կիրակնօրեայ, գիշերային, երեկոյեան, կոյրերու, յատուկ խնամքի կարօտ փոքրիկներու, արուեստի (երաժշտութիւն, պար, նկարչութիւն եւ այլն) եւ արհեստի վարժարանները: Աշխատանքը օժտուած է քարտէզներով, պատճէններու եւ նկարներու բաժինով: Գիրքի ուսումնասիրութեան մէջ մեծ դեր ունեցած են սուրիահայ դպրոցներու խնամակալութիւնները, հոգաբարձութիւնները, տնօրէնութիւնները, գրադարանները, ուսումնական, հոգեւոր, վարչական մարմինները եւ բոլոր անհատները, որոնք ընդառաջած եւ օգտակար եղած են նիւթեր հաւաքագրելու աշխատանքին՝ դաշտային պրպրտումները արդիւնաւէտ դարձնելով: Սուրիահայ նոր դպրոցը, առանց հաշուելու միջնադարու կրթութեան եւ գրչութեան կեդրոնները, երկու դարէն ի վեր (առաջին դպրոցը կը յիշուի 1810-ին), բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով մեծ դեր կատարած է հայապահպանման մէջ ու հիմա եւս կը շարունակէ իր անփոխարինելի առաքելութիւնը: Գիրքերը ընթերցողներուն հասանելի դարձնելու համար PDF տարբերակները շուտով պիտի տեղադրուին Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան հիմնարկին կայքին վրայ, ուրկէ կարելի պիտի ըլլայ անվճար օգտուիլ: Գիրքերը անհատապէս ունենալ փափաքողները կրնան դիմել Յակոբ Չոլաքեանի Massenger-ին, կամ հեռաձայնել հետեւեալ թիւին՝ 098 233 966: Փափաքողները կրնան հեղինակի նախորդ գիրքերէն՝ «ՔԵՍԱՊ» եռահատորը եւ «ՔԵՍԱՊԻ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ» եւս ունենալ: