Լոյս տեսաւ Բանասէր, ազգագրագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի կոթողային երկասիրութիւնը՝ «Սուրիահայ դպրոցի պատմութիւն»ը, որոշումովը ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի գիտական խորհուրդի եւ հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան: Երկար տարիներու պրպտումներու, ուսումնասիրութեանց եւ տքնաջան աշխատանքի արգասիք հանդիսացող երկհատոր այս գիրքին աւելի քան 1200 էջերը կ՛ընդգրկեն նախաեղեռնեան, յետեեռնեան եւ մինչեւ մեր օրերու սուրիահայ 240 ամէնօրեայ վարժարաններու պատմութիւնը. որոնց վրայ կ՛աւելնան զանազան բնոյթի այլ դպրոցներ, (կիրակնօրեայ, գիշերային, կոյրերու, երաժշտական, նկարչական, արհեստից եւ այլ), ընդհանուր թիւը կրկնապատկելով:: «Աշխատութիւնը նախատեսուած է հայ գաղութներու պատմութեամբ, հայ մանկավարժութեամբ ու կրթութեամբ հետաքրքրուողներուն համար», ինչպէս ըսուած է գիրքին սկիզբը:

Յ. Մ.