«Ազդակ».-Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութեան ընթացքին մերժեցին առաջադրել Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Նկատի ունենալով խորհրդարանի անդամներուն մեծամասնութեան զօրակցութիւնը, քանի մը վայրկեան ետք Նեժիպ Միքաթի պիտի նշանակուի վարչապետ` կազմելու համար նոր կառավարութիւնը: Միքաթիին յաջողութիւն կը մաղթենք եւ կոչ կ՛ուղղենք կառավարութիւնը կազմելու` հեռու մնալով մեծ անուանումներէ եւ ակնկալութիւններէ, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան խոչընդոտել կազմութեան հոլովոյթը: Մենք կարիքը ունինք փրկութեան կառավարութեան մը եւ ո՛չ միայն ընտրութիւններու կառավարութեան, այլեւ` յատկապէս բարեկարգումի, փտածութեան դէմ պայքարի, իւրացուած գումարները Լիբանան վերադարձնելու, իրաւական հաշուեքննութեան եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով հետաքննութիւնը շարունակելու ու արդարութիւնը հաստատելու կառավարութեան: Կառավարութեան մը, որ լիբանանցիները կը հանգստացնէ ընկերային եւ ապրուստի ողբերգական պայմաններէն, կառավարութեան մը, որ կարենայ լիբանանցիները նուաստացումէ դուրս բերել: -Նեժիպ Միքաթիի նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքով հանդերձ որոշեցինք չզօրակցիլ որեւէ թեկնածուի, նախքան երկրին դիմագրաւած տագնապներէն դուրս գալու մասին անոր ընդհանուր պատկերացումը իմանալը, ինչպէս նաեւ ճշդելը, թէ այդ պատկերացումը ինչքանո՛վ կը համեմատի ցասում ապրող ժողովուրդին ձգտումներուն, ժողովուրդ, որուն ծունկի բերելու նպատակ գոյութիւն ունի: